ՄՇՈՒՇ
Քոյր – ե՞ս անունդ մոռցայ
Թէ ոչ քիչ մըն ալ դուն անուն չունէիր –
Ինչու՞ համար կը մսէին սարփինաները բարի
Երբ ձեռք ձեռքի կը քալէինք մշուշին մէջ որ չկար –
Յանկարծ շուրջս նայեցայ
Չկայիր
Քոյր – ե՞ս արդեօք չտեսայ
Թէ ոչ քիչ մըն ալ դուն երբեք չկայիր
Թէ ոչ քիչ մըն ալ դուն անուն չունէիր –
Ինչու՞ համար կը մսէին սարփինաները բարի
Երբ ձեռք ձեռքի կը քալէինք մշուշին մէջ որ չկար –
Յանկարծ շուրջս նայեցայ
Չկայիր
Քոյր – ե՞ս արդեօք չտեսայ
Թէ ոչ քիչ մըն ալ դուն երբեք չկայիր

Комментарии
Отправить комментарий