ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ՊԱՏՄՈՒԹՅՈՒՆԵՐ
Հալեպ, 16 փետրվար
Արտասահմանից ներրգաղթող հայերի ընդունման եւ տեղավորման կոմիտէ
Երեւան
Յարգելի նախագահ
Միայն հայրենիքիս հետ թղթակցիլ, ինքնին մեծ հաճոյք մըն է։ Յուզումէս շփոթած կը մտածիմ երա՞զ է, թէ իրականութիւն ու երանի կուտամ այս նամակին, որ արդէն Հայաստան պիտի ըլլլայ քանի մը օրէն։ Ինչքան բախտավոր կը զգամ ինքզինքս, որ իմ նախնիքներուս երազը իմ օրովս պիտի իրականանայ։
Ստորագրեալս՝ Պեքիարեան Սալբի, նախակրթութիւնս ստացած եմ հայկական վարժարանի մը մեջ, յետոյ աւարտած ֆրանսական «Lycee»։ Տարիքս է քսան (20)։ Պիտի խնդրեի, յարգելի նախագահ, որ բարի ըլլայիք զիս ընդունելու մեր Սիրելի եւ Սուրբ երկրին մէջ որպէս «Conservatoire»-ի ուսանողուհի։
Մանկութենէս բուռն սէր մը ունեցած եմ նուագի։ Հարուստ ընտանիքի մը զաւակը չըլլալով ծնողքս հազիւ կրցած է ձեռքս ջութակ մը դնիլ։
Ութը տարեկանիս արդեն բեմերէն կը նուագեի, ըլլայ առանձին որպես «soliste» կամ «orchestra» մէջ, միշտ զարմանք պատճառելով ունկնդիրներուն։
Տասը տարեկանիս արդէն դիւրութեամբ կը նուագեի Bach-ի «sonate»-ները։ … Խորապէս կը սիրեմ Beethoven, Bach, Tchaikovsky։ Դժբախտաբար ոչ մէկ արժեքաւոր ուսուցիչ ունեցած եմ, որ զիս զարգացնէր իմ ճիւղիս մէջ, բացի մէկէ մը, ուրկից հազիւ միայն կրցայ վեց ամիս դաս առնիլ քաղաքէս մեկնելուն համար։
Զուրկ ուսուցիչէ, երաժշտական մթնոլորտէ ու նոյիսկ «Radio»-է մը, չեմ յուսահատած եւ տեւականորէն սիրած եմ ջութակս, աշխատած, իմ կարգին հասցնելով աշակերտներ։

Վստահ եղեք, որ պիտի չզջաք զիս ձեր «Conservatoire»-ներուն մէկուն մէջ աշակերտ ունենալու, որովհետեւ կարելիս պիտի ընեմ իմ կարողութիւններս կատարելագործելով օգտակար մէկ անհատը ներկայանալու հայրենիքիս։ Այսպիսով պիտի ջանամ չկարմրցնիլ ամէն անոնք, որոնք պիտի ուզին զիս բարձրցնիլ։
Յուսամ բարի պիտի ըլլաք չմերժելու իմ խնդրանքս։
Սպասելով ընդփոյթ պատասխանի մը՝
խորին յարգանքներով
Պեքիարեան Սալբի

Комментарии

Популярные сообщения из этого блога