Ուրֆայի Դիւցազնուհի` Մարիամ Չիլինկիրեան



Մարիամ Ուրֆայի ՀՅԴ Կարմիր խաչի սիւներէն էր: Հերոսամարտի ընթացքին նշանաւոր դարձաւ ոչ միայն իբրեւ տիպար գթութեան քոյր, այլեւ` իբրեւ մարտիկներուն անձնուէր գործակիցը: Երբ թուրքերուն դիրքերէն ճերմակ դրօշակ մը պարզուեցաւ եւ յայտարարուեցաւ, որ Ֆախրի փաշա երկու հոգի կ՛ուզէ բանակցութեան համար, Մարիամ անմիջապէս առաջ անցաւ, իսկ իրեն հետեւեցաւ իր մտերիմ գործակիցը` Ազնիւ Միրզոյեան-Պուրճագեան: Այդ վայրկեանին յանդուգն Մարիամի մտքէն անգամ չանցաւ, որ կրնայ դաւադրութեան մը զոհ երթալ: Երբ հասան փաշային մօտ, այս վերջինը շատ յարգալիր վերաբերում ունեցաւ ու ըսաւ. «Զաւակներս, կը հիանամ ձեր քաջութեան վրայ, կը ցաւիմ, որ ստիպուած եմ կռուիլ ձեզի պէս հերոսներու եւ հերոսուհիներու դէմ, սակայն տարբեր չենք կրնար վարուիլ պետութեան անհնազանդ եղողներուն հետ: Կը մեղքնամ ձեր ժողովուրդին, կ՛ուզեմ, որ վերադառնաք ու խօսիք ձեր հրամանատարին. դուք ձեր ունեցած ուժերով ասկից աւելին չէք կրնար ընել բանակի մը դէմ»:
Ամբողջ հերոսամարտի ընթացքին Մարիամ գործեց նոյն թափով եւ նոյն ոգիով` մարտիկներու կողքին կռուեցաւ, վիրաւորները խնամեց, յուսահատները մխիթարեց, իսկ հերոսամարտէն ետք, ժողովուրդին բեկորները ապահով թաքստոցներ առաջնորդեց կամ օտար հաստատութիւններու մէջ պատսպարեց: Ուրիշներու կարգին Մարիամ ալ ձերբակալուեցաւ եւ 101 տարուան բանտարկութեան դատապարտուեցաւ, սակայն 1918-ին զինադադարին ազատ արձակուեցաւ: Հետագային Ամերիկա փոխադրուեցաւ եւ հոն ալ ամուսնացաւ: Ամերիկայի մէջ Մարիամ ունեցաւ հանրային լայն գործունէութիւն եւ միշտ պահեց նոյն նուիրումը հայութեան տարագիր բեկորներուն հանդէպ:
ՍՈՆԱ ԶԷՅԹԼԵԱՆ


Комментарии

Популярные сообщения из этого блога