Մուշեղ Իշխան: Գարնան անձրեւին
ԱՊՐԻԼԵԱՆ ԶՈՀԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ
Տեղա՛, անձրեւ, օրհնութեան պէս աւետաձայն,
Արտ ու արօտ կանանչ յոյսով լեցուր անվերջ.-
Քու կենսախայտ համբոյրիդ տակ կը սարսըռան
Ոսկի սերմեր հողին յղի կողերուն մէջ։
Յիշէ՜, անձրե՛ւ, ամբողջ երկիր մ՚ալ աւերակ,
Ուր մա՛հ է արդ, մոխիր ու մուխ ու լռութիւն...
Արիւնաբոյր շէներուն մէջ պահ մը հիմակ
Օրօրէ սուգն իր սարերու ոգիներուն...
Իջի՛ր, անձրե՛ւ, վարդաջուրի պէս հոտեւան.
Թող ծաղիկներ բաժակն իրենց քեզ երկարեն,
Ամպերէն վար հոսի ժպիտ ու ծիածան
Եւ թող պայթին գինով ճիչեր թաւուտներէն։
Գիտե՜ս, անձրե՛ւ, Ապրիլի հարս ծառերուն պէս
Ի՜նչ հասակներ տապալեցին գիշեր մ՚անհուն...
Ա՛հ, պուտ մը ջուր հասցուր անոնց, այդ լեռնադէզ
Անապատի տապէն պապա՜կ ոսկորներուն...
Հոսէ՛, անձրեւ, սիրերգի պէս հարսանեկան
Սրտերն ահա կ՚ընդխառնուին լարերուդ հետ
Եւ բերկրութեամբ եւ հեշտանքով կը լիանան
Ճերմակ տուներ՝ տարափիդ տակ խաղաղաւէտ։
Հիմա, անձրե՛ւ, ծեր պանդուխտներ կան ամէն տեղ,
Որ յուշերու ցուրտ կրակին դէմ կը մսի՜ն...
Անոնց խարխուլ հիւղակներուն վրայ թիթեղ՝
Թափէ երազն իրենց հօտի ոտնաձայնին...
Եկո՜ւր, անձրե՛ւ, աղօթքի պէս թաղմանական.
Ես կ՚ուզեմ լալ մանուկի տաք աչուըներով
Այնքա՜ն ուրախ տօնին համար սա յո՛րդ գարնան
Եւ կեանքերուն՝ որ ինկան մերկ եւ անգորով...
Մ. ԻՇԽԱՆ-1934

Комментарии

Популярные сообщения из этого блога

«ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ» - երգ, խոսք՝ ՎԱՀԱՆ ԹԵՔԵՅԱՆԻ Դաշնակահար` ԱՆԱՀԻՏ ՄԵ...