Աստուած փոխել կուզէ մեզի, լուսաւոր դարձնել կուզէ, ժպիտ մը դնել կուզէ մեր երեսին: Որքան պէտք ունի Հայաստանի ժողովուրդը: Դուրսէն եկող բոլոր հայերուն ուշադրութիւնը կը գրաւէ. ժպիտ չկայ, ժպիտը շատ քիչ է Հայաստանում: Պատճառները շատ կրնան ըլլալ, բայց հաւատացէք, որ նիւթական չեն հիմնական պատճառները, որովհետեւ մենք այդ այլակերպող, պայծառակերպող, մեր երեսը փոխող, ժպի՜տ, այո՛, հոն ժպի՜տ դնող Քրիստոսը կորսնցուցեր ենք: Եւ պէտք է Անիկա վերագտնենք, պէտք է Անոր հետ հաշտուինք, եւ պէտք է Անիկա փոխելու սկսի անհատապէս մեզի եւ ազգովին, միասնաբար, ամէնքս:
Սահակ եպիսկոպոս Մաշալյան
Комментарии
Отправить комментарий