Անդրադարձ. ՀՀ100
Հուշատետրի սիւնակը նեղ է՝ սպառիչ արժեւորումը կատարելու համար Հովհաննէս Թումանեան ԵՐԵՒՈՅԹին։ Բայց անպայման պէտք է աւելցնել ուրուագծային այս նշումներուն վրայ, որ ռուսասիրութիւնը ազգային խոր արմատներ ունեցող արեւելում էր Թումանեանի համար։ Ոչ միայն գրական¬մշակութային կապերով, այլեւ՝ «Հիւսիսի աստղ»ին մեծ յոյսերով սպասող հայ ժողովուրդին հոգեխառնութեամբ Թումանեան միշտ քարոզեց եւ գործեց ռուս ժողովուրդին հետ բարեկամութեան եւ զինակցութեան օգտին։ Այդ ճամբով ալ, Հայաստանի անկախութեան նուաճումէն եւ Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակումէն ետք, Թիֆլիս մնալով եւ Ազգային Խորհուրդի ճամբով իր գործունէութիւնը շարունակելով, Թումանեան ամէն ճիգ թափեց, որպէսզի հայեւռուս բարեկամութիւնը հեռու պահէ հակադրութեան եւ թշնամանքի որոգայթներէն։ Այս առումով Թումանեանի վերջին առաքելութիւնը եղաւ Հայաստան ժամանումը 1921ի Մարտին, պոլշեւիկներու խժդժութեանց դէմ Փետրուարեան համաժողովրդային ապստամբութենէն անմիջապէս ետք, որպէսզի Սիմոն Վրացեանի «Հայրենիքի Փրկութեան Կոմիտէ»ին եւ խորհրդայիններուն միջեւ հաշտեցման եզրեր գտնէ

Комментарии

Популярные сообщения из этого блога

«ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ» - երգ, խոսք՝ ՎԱՀԱՆ ԹԵՔԵՅԱՆԻ Դաշնակահար` ԱՆԱՀԻՏ ՄԵ...