Սասունի Մեծ Հերոսամարտը (Սասունի երկրորդ ինքնապաշտպանութիւնը)
1904-թ.ին կը սկսի հերոսական Սասունին երկրորդ ինքնապաշտպանութիւնը` (Հերոսամարտը):
Դեռ` 1894 –թ. ին էր երբ Սասունցիները հժկու ապստամբութեամբ` (Սասունի առաջին Ապստամբութիւն) ցուցաբերեցին հայու անխորտակ, ազատատենջ կամքի ոյժը ընդդէմ բռնութեան:
Այո՝, Սասունի ապստամբութիւնը եւ կոտորածը զարթեցրին ամբողջ ժողովուրդը դարաւոր թմրութիւնից: Կռիւը սկսուած է , եւ նրա յաջող ելքը մեր իւրաքանչիւրիցն է կախուած: Հեռու՛ մեզանից դիպլօմատիան. մենք նրանից սպասելիք չունինք. մեր յոյսը մեր բազուկների վրայ դնենք եւ կռուենք:
Կռուե՛նք՝ յանուն դարերով հարստահարուած ժողովուրդի.
Կռուե՛նք՝յանուն Սասունի անմահ հերոսների.
Կռուե՛նք՝ ցցերի վրայ հանուած անմեղ մանկացը վրէժխնդիր լինելու.
Կռուե՛նք՝ բռնաբարուած, ապա բարբարոսաբար նահատակուած մեր մայրերի, մեր քոյրերի ոտնակոխ արած պատուի համար.
Կռուե՛նք՝ ստրկական շղթաներով կաշկանդուած, Սուլթանի լծի տակ հեծող ժողովուրդի ազատութեան համար.
Կռուե՛նք, կռուե՛նք մինչեւ մեր վերջին շունջը:
Կամ մա՛հ, կամ ազատութիւն:”
Ահա այսպիսի ազատատենջ ոգիով կը պատրաստուէր եւ կը կազմակերպուէր Տարօն աշխարհը. այդ հպարտ ոգին կոտրելու եւ հայ ժողովուրդի ազատութեան ձգտումներու առաջքը առնելու համար` թուրք կառավարութիւնը 1902- թ. սկիզբէն կը սկսի զօրքեր տեղափոխել Մշոյ դաշտ եւ Սասուն, ռազմական գործողութիւններով քարուքանդ ընելու Սասունցի արծիւներու բոյնը եւ բնաջնջելու Սասունի ժողովուրդը:
Այս գործողութիւնները չի վրիպիր Սասունցիներու ուշադրութենէն: Եւ այդ արդեն գիտէին հայ ղեկավարները, որ թուրք կառավարութիւնը իր վերջին ու զօրաւոր ճիգը կ’ընէր ըմբոստ լեռնավայրը ընկճելու եւ անոր բախտին արժանացնելու նաեւ Մշոյ դաշտի եւ ողջ Տարօնի հայութիւնը:
Սասունը կը պատրաստուէր օրհասական դիմադրութեան:
Այս տագնապին առաջքը առնելու համար Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը Կովկասի մէջ (Արեւելահայաստան), սկսած էր պատրաստել եւ կազմակերպել մարտական խումբեր, որոնք ընտիր խմբապետներու առաջնորդութեամբ եւ լաւագոյն զէնքերով պիտի մեկնէին Արեւմտահայաստան, անցնելով թրքական սահմանը , ուր թուրք կառավարութեան կողմէ, կանօնաւոր զօրքերով ու զինեալ քուրդերով դրուած էր խիստ հսկողութեան տակ:
Զինեալ խումբեր Սասուն ուղարկելու համար 1903-ին , Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը կը յանձնարարէ Մենակին (Եգոր Առուստամեանին) հետախուզել Սասունին օգնութիւն հասցնելու ճանապարհները:
Նոյն թուականին, գարնանը` Ռուս-Թրքական սահմանը կանցնին քանի մը խումբեր, որոնցմէ առաջինը Թորգոմի (Թուման Թումեանի) խումբն էր որ ահրելի խոչնդոտներ յաղթահարելով եւ դէպքերը սկսելէ ամիսներ առաջ կարողացաւ հասնիլ Սասուն, մեծ ոգեւորութիւն առաջացնելով Սասունցիներուն մօտ: Անդրանիկը իր յուշերուն մէջ կը գրէ հետեւեալը`
“Լուրը հասաւ ինձի, թէ 20 հոգիէ բաղկացեալ ձիաւոր խումբ մը եկաւ Սեմալ: Ելանք գացինք Սեմալ, տեսնուեցանք Թումանի հետ: Նրանց մէջ կային իմ նախկին ընկերներս`1895 էն- Քեաֆթառ Արշակը (Քեռին), Սեպուհ Արշակը, Դուրբախը, Մուրադը: Ուրախութիւննիս շատ մեծ էր, ամբողջ ժողովուրդը ոգեւորուեցաւ”:
Թորգոմ`Թուման Թումեան
1903 թ.ի աշնանը Սասունի Կէլիկուզան գիւղին մէջ տեղի կունենայ ժողով, ուր կ’ընտրուի զինւորական խորհուրդ մը, եւ Անդրանիկ Օզանեանը կը նշանակուի կռւող ուժերու հրամանատար:
Անդրանիկ Օզանեան
Թուրք կառավարութիւնը Սասունը ընկճելու համար կ’ուղարկէ 10000 զինւոր, զինուած թնդանօթներով եւ գնդացիրներով, անոնց կը միանան 5000 զինուած քուրդեր. իսկ թշնամիին կը դիմադրէին 200 հայդուկ եւ 1000 Սասունցի զինեալներ:
Թուրքական զօրքը կը սկսի անվերջ խուզարկութիւններ հարիւրաւոր գիւղերու մէջ. կը գրգռեն իսլամ բնակչութիւնը հայերուն դէմ:
Հրայր Դժոխք` Արմենակ Ղազարեան
1904-թ.ին, գարնանը` թուրքական բանակը, չէրքէզ հրամանատար Քէօսէ պինպաշիի ղեկավարութեամբ , հիւսիսէն կ’անցնի յարձակման: Այդ գիծի պաշտպանութիւնը կը գլխաւորէր Հրայրը(Արմենակ Ղազարեանը) իր խումբով, իսկ Տափըկ գիւղի մէջ դիրքաւորուած էր Անդարանիկի խումբը. Իշխանձորի եւ Տալւորիկի գիծի պաշտպանութիւնը ստանձներ էր Գէորգ Չաւուշը (Գէորգ Ղազարեան) իր խումբով, իսկ Չայի շրջանը կը պաշտպանէին Յ.Կոտոյեանը, Սեպաստացի Մուրադը (Մուրադ Խրիմեան) եւ Սպաղանաց Մակարը իրենց հայդուկներով :
Սմբատ`, Մախլուտօ` Սմբատ Բորոյեան
Հրայրը` իր հայդուկներուն հետ միասին ուժեղ հակահարուածով կը կարողանայ կասեցնել թշնամիի յարձակումը: Թուրք հրամանատարութիւնը հայերուն կ’առաջարկէ դադրեցնել դիմադրութիւնը ,որու ի պատասխան Սասունցիները կը պահանջեն կառավարութենէն իրագործել 1895 թ.ի Մայիսեան բարենորոգումները:
Գէորգ Չաւուշ` Գէորգ Ղազարեան
Թշնամին յաւելեալ ուժեր կենդրոնացնելով կ’անցնի նոր լայնածաւալ յարձակման. Հրայրը ստիպուած քանի մը գիւղերու բնակչութեան հետ կը նահանջէ դէպի Կէլիկուզան, որուն ընթացող դեժ մարտերու ընթացքին Ապրիլի 12- ին կը նահատակուի հերոսաբար:
Մեծ եւ դաժան կռիւներէ ետք թուրքերը կը յաջողին մօտենալ Կէլիկուզանին ուր կը դիմադրէր Անդրանիկը իր հայդուկներով:
Սպաղանաց Մակար
Երկարատեւ մարտերէ ետք զինամթերքի պակասը զգալով հայ մարտիկները ստիպուած կ’ըլլան նահանջելու եւ թուրքական զօրքերը կը գրաւեն Կէլիկուզանը:
Հայ մարտիկները կը յաջողին ապահովել տեղի բնակչութեան նահանջը դէպի Մշոյ դաշտի հայկական գիւղերը, իսկ իրենք կը շարունակեն դիմադրել որքան որ հնարաւոր է մեծ վնասներ տալով թշնամիին:
Սեբաստացի Մուրադ`Մուրադ Խրիմեան
Ինքնապաշտպանութեան կռիւները կը շարունակուին մինջեւ 1904-թ.ի Մայիսի 14-ը:
Ցաւոք սրտի թուրք ջարդարարները այս կռիւներու ընթացքին կը կոտորեն մօտ 8000 հայ բնակիչ եւ կ’աւրեն ու կը կողոպտեն շուրջ 2000 տուն ,սակայն շնորհիւ տարուող կազմակերպչական աշխատանքին եւ Սասունցիներու աննկուն կամքին, եւ զոհողութեան բարձր գիտակցութեան, չեն կրնար իրականացնել Սուլթանի բուն ծրագիրը `բնաջնջելու Սասունի ժողովուրդը:
Սեպուհ`Արշակ Ներսէսեան
Հերոսական պատերազմը Սուլթան Ապտուլ Համիդի կառավարութեան ստիպել կու տայ հրաժարիլ Սասունի եւ Տարօնի հայերուն բնաջնջելու քաղաքականութենէն:
Այս հերոսամարտի յիշատակին բազմաթիւ ազգային, յեղափոխական երգեր է ցօնուած, որոնցմէ մէկն է այս երգը` լսելու համար`սեղմել այս լինքը
Յակոբ Կոտոյեան
Աղբյուր՝Վարանդ Պետրոսեան Հայրենեաց դէմքեր, դէպքեր եւ խորհրդածութիւններ...
Սասուն
Օսմանական գոռ վաշտերը կատաղի,
Պաշարեցին մեր լեռները սոսկալի:
Մի վհատիր քաջ Սասուն,
Քեզ համար չէ նորութիւն,
Մեր պապերից սովորել ենք,
Կռուել տղամարդի պէս,
Զոր մեզ թողին յիշատակ:
Շէնիկ, Սեմալ պաշարուած են քիւրտերով,
Տալւորիկի անցքն էր փակուած թուրքերով:
Զքեզ տեսնեմ քաջ Մուրատ,
Սուրդ շարժիր անվհատ,
Մեր հեռաւոր եղբայրներ,
Չեն մնար միշտ անտարբեր,
Շուտով կը գան օգնութեան:
Թնդանօթի դէմ դրել ենք քաջ սրտով,
Սովին դիմադրել ենք կաթով, բանջարով:
Ի սէր Աստուծոյ դժուար է,
Հպատակիլ ոսոխին,
Լաւ է մեռնիլ առանց հաց,
Քան յանձնուել վատ թուրքին,
Անգութ եւ անաստուածին:
Հայ աղջիկներ, առէք վառօդ ու կապար,
Լցրէք դատարկ փամփուշտները չարաչար:
Իսկ դուք կանայք անվհատ,
Առէք սուր եւ հրացան,
Խրախուսեցէք հայ քաջեր,
Ազատենք մեր հայրենիք,
Ձեր կանացի արիւնով:

Комментарии

Популярные сообщения из этого блога

«ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ» - երգ, խոսք՝ ՎԱՀԱՆ ԹԵՔԵՅԱՆԻ Դաշնակահար` ԱՆԱՀԻՏ ՄԵ...