ՄՇՈՒՇ
Քոյր – ե՞ս անունդ մոռցայ
Թէ ոչ քիչ մըն ալ դուն անուն չունէիր –
Ինչու՞ համար կը մսէին սարփինաները բարի
Երբ ձեռք ձեռքի կը քալէինք մշուշին մէջ որ չկար –
Յանկարծ շուրջս նայեցայ
Չկայիր
Քոյր – ե՞ս արդեօք չտեսայ
Թէ ոչ քիչ մըն ալ դուն երբեք չկայիր
Ինչու՞ համար կը մսէին սարփինաները բարի
Մշուշին մէջ որ չկար
Կը քալէինք ձեռք ձեռքի
Միլիոնաւոր առաւօտներ ակնթարթի մէջ ծնան –
Կը վախնայիր կը մսէիր սարփինային պէս բարի –
Քոյր – ե՞ս արդեօք չկայի
Թէ ոչ քիչ մըն ալ դուն կայիր առանձին –
Ինչու՞ անունդ մոռցայ
ԶԱՀՐԱՏ

Комментарии

Популярные сообщения из этого блога

«ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ» - երգ, խոսք՝ ՎԱՀԱՆ ԹԵՔԵՅԱՆԻ Դաշնակահար` ԱՆԱՀԻՏ ՄԵ...