Վահան Թէքէեան, Կամաւորները

(«Արեւ», Աղեքսանդրիա, 1919, 10 հոկտեմբեր)։
Ահա', ահա, կը տեսնեմ՝ լերան խորունկ ծերպերէն
Նախ մէկու մը՝ վարանքով, չհաւատալով, գաղտնօրէն,
Եւ ուրիշի մը յետոյ եւ երրորդի մը ապա
Երեւան գալը յանկարծ՝ ի լուր ռազմի ձեր երգին,
Ձեր ռազմերգի՜ն հայկական որ օդին մէջ կը թնդայ,
Եւ կ'որոտա՜յ, եւ կու տայ հողին իսկ դող մ'ահագին...
Բայց չէ', անոնք չեն հաւտար, դեռ հաւատալ չեն կրնար՝
Թէ եղբայրներն են իրենց, որ հրաշքով մ'անհնար
Այսօր եկեր են այստեղ, սպառազէն ու ազատ,
Վերածըներ, ուժովցեր, գեղեցկացե՜ր են այնքնան,
Մահուան ճամբեն դարձեր են իբրեւ ճամբէն յաղթութեան
Եւ ազատե՜լ են եկեր իրենց կեանքներն յուսահատ...
Բայս այս երազը ի'նչպէս, գոռ ու յստակ, կը տեւէ.
Ուրուականները ի'նչպէս կու գան իրար ետեւէ,
Կը մօտենան, կը նային, եւ ա՜հ, Աստուած իմ, ի՜նչպէս
Կու տայ հրճուանքը յանկարծ այս խեղճերուն խենդութիւն,
Դալուկ՝ ոմանց սրտերուն եւ այլոց՝ տենդ մը անհուն,
Ի՜նչպէս հոգին կմախքներուն մէջ կ'արթննայ յամրապէս...
Եւ ա՜հ, ձենէ մէկն ահա', վրէժի, սիրոյ ուխտաւոր,
Կը ճանչնայ դէմք մը յանկարծ ու կը փարի իր խեղճ մօր,
Ուրիշ մ'իր քոյրը թերեւս, կամ իր եղբայրը պզտիկ,
Այդ խումբին մէջ կը գտնէ, եւ ամէնքնիդ կը գտնէք,
Ո՜վ կտրիճներ, Հայաստա՜նն որ ինկեր էր ստաբեկ
Եւ որ հիմա կեանք կ'առնէ, ձեզ կը ժպտի՜ երջանիկ...

Комментарии

Популярные сообщения из этого блога

«ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ» - երգ, խոսք՝ ՎԱՀԱՆ ԹԵՔԵՅԱՆԻ Դաշնակահար` ԱՆԱՀԻՏ ՄԵ...