ԱՇՈՒՆ
Ո՞ւր էք ծաղկունք դուք փալփլուն,
Ո՞ւր ձեր այտեր անուշ հոտով,
Ո՞ւր ձեր պչրանք ու փափկութիւն
Եւ ծոց լըցեալ շաղ մարգարտով:
Ի՞նչու հովիկ, անգութ հովիկ
Ցուրտ համբոյրներ կու տայ ձեզի,
Մոռցա՞ւ արդեօք իր սէր գողտրիկ
Եւ իւր գգուանք փայփայելի:
Ո՞ւր թիթեռնիկ հոլաթեւեան
Ձեր բաժակին հիւթոց կարօտ,
Որ գայր թերթից ձերոց գունեան
Տանել ըզբոյր հեռու եւ մօտ:
Ա՜հ ո՞ւր սոխակն իմ սիրակէզ,
Ու տերեւոց նստած ի շուք,
Հալէր կարմրիկ վարդին ի տես
Եւ կողկողէր սրտամաշուք:
Չըկայ զեփիւռ, չկայ ծաղիկ
Եւ ծաղկազարդ չըկայ թիթեռ,
Չըկայ սոխակ, ոչ վարդենիք
Լըցեալ ցօղով մարգարտայեռ:
ՄԿՐՏԻՉ ՊԷՇԻԿԹԱՇԼԵԱՆ
Комментарии
Отправить комментарий