ՆՒԻՐԵԱԼՆԵՐ
Ջէյմզ Բրայս (1838-1922)
Հայ ժողովուրդի եւ Հայ Դատի միջազգային իրաւապաշտպանը

Ջէյմզ Բրայս այն եզակի դէմքն է, որ նախ ականատես եղաւ հայ ժողովուրդի բնաջնջումը պետականօրէն ծրագրելու եւ գործադրելու Թուրքիոյ ցեղասպանական ահաւոր ոճիրին: Ապա՝ պատմական ճշմարտութիւնը - փաստագրական եւ վաւերագրական ամբողջական թղթածրարով մը - իրաւագէտի եւ պատմաբանի առարկայականութեամբ հաստատագրեց:
Եւ վերջապէս, բայց կարեւորութեամբ ո՛չ վերջինը, միջազգային տարողութեամբ քաղաքական գնահատումի արժանացուց գործւած ոճիրը՝ իբրեւ Հայաստանի ու հայութեան դէմ պետականօրէն գործադրւած Ցեղասպանութեան:
Ջէյմզ Բրայս 10 մայիսի 1838-ին ծնած էր Բելֆասթ (Իռլանդիա): Բելֆասթի Ակադեմիային եւ Գլասկոյի համալսարանին մէջ ուսանելէ ետք, Բրայս ընդունւեցաւ Օքսֆորդի Թրինիթի կոլէջը, ուրկէ փայլուն յաջողութեամբ տիրացաւ իրաւաբանի տիտղոսին եւ 1862-ին արժանացաւ Օրիէլի (Քինգզ կոլէջի) աշխատակիցի արքունի եւ ակադեմական բարձր կոչումին:
Քանի մը տարի փաստաբան աշխատեցաւ Լոնդոնի մէջ, բայց 1870-ին հրաւիրւեցաւ Օքսֆորդ, իրաւաբանական բաժանմունքի մէջ Քաղաքացիական օրէնքի դասախօսի պաշտօն ստանձնելու համար: Իբրեւ այդպիսին՝ Ջէյմզ Բրայս մինչեւ 1893 շարունակեց իր պաշտօնավարութիւնը Օքսֆորդի մէջ:
Իրաւաբանութեան կողքին Ջէյմզ Բրայս բարձրագոյն ուսման հետեւած էր պատմագիտութեան մէջ եւ 1864-ին լոյս ընծայած էր «Հռովմէական սրբազան կայսրութիւնը» անուն իր աշխատասիրութիւնը, որ հմուտ պատմաբանի միջազգային հռչակին արժանացուց երիտասարդ մտաւորականին:
Ջէյմզ Բրայս միաժամանակ նւիրեալ հնախոյզ էր: 1872-ին ան ճամբորդեց Իսլանդիա, որպէսզի գտնէ «Իսլանդական Սականեր»-ու երկիրը:
Իսկ 1876-ին, միեւնոյն հնախոյզի հետաքրքրութեամբ, ան բարձրացաւ Արարատ լեռան գագաթը, ուր գտաւ Նոյեան Տապանի մնացորդ հնագիտական իրեղէններ:
Հնախոյզի եւ պատմաբանի իր հետաքրքրութեամբ, այդ ժամանակէն սկսեալ, Ջէյմզ Բրայս ոչ միայն մօտէն ուսումնասիրեց հայ ժողովուրդի հազարամեակներու պատմութիւնը, այլեւ լաւապէս ծանօթացաւ հայ մշակոյթի մեծարժէք ժառանգութեան՝ դառնալով հայ ժողովուրդի ստեղծած արժէքներուն մեծ հիացող մը եւ Հայաստանի ու հայութեան ազգային ոտնակոխւած իրաւունքներուն հաւատաւոր պաշտպան մը:
Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի նւիրւած Բրայսի այդ հետազօտութեանց եւ պատմագիտական ուսումնասիրութեանց առաջին արգասիքը եղաւ 1877-ին լոյս տեսած անոր «Անդրկովկասն ու Արարատը» աշխատասիրութիւնը, որ տարածաշրջանի պատմութեան ընդհանուր արժեւորման մէջ՝ յատուկ կենտրոնացումով գնահատումը կատարեց Հայաստանի ու հայութեան գրաւած տեղին ու արժէքին:
Բրայս ի սկզբանէ նպատակ չէ ունեցած գիրքի վերածելու իր նոթագրութիւնները, սակայն հետագային երկու հիմնական պատճառներով տպագրած է գիրքը: Առաջին պատճառը 1877-1878 թւականներու ռուս-թուրքական պատերազմն էր, իսկ երկրորդ պատճառը՝ նոյնինքն Արարատ լեռն էր, որի մասին լսել էին բոլորը, սակայն շատ քիչ բան էր գրւած անոր արդի վիճակին մասին:
1880 թւականին Բրայս նոր ճամբորդութիւն կատարեց դէպի Հայաստան, այցելեց նաեւ Զմիւռնիա ու Կոնստանդնուպոլիս (հանդիպումներ ունեցաւ Մատթէոս Մամուրեանի եւ Ներսէս Վարժապետեանի հետ):
1893-ին Լոնդոնի մէջ ան հիմնադրեց Անգլօ-հայկական ընկերութիւնը: Իսկ 1894-ի համիդեան ջարդերու ժամանակ, Բրայս հանդէս եկաւ հայանպաստ յօդւածներով անգլիական եւ ամերիկեան մամուլի էջերուն:
Բրայս առաջիններէն էր, որ Անգլիայի մէջ արձագանգեց հայ ժողովուրդի դէմ 1915 թւականին թուրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանութեան: Աշխոյժ մասնակցութիւն ունեցաւ բրիտանական-հայկական Կարմիր Խաչի եւ Գաղթականներու հիմնադրամի ստեղծման:
1916-ին Բրայսի խմբագրութեամբ եւ ընդարձակ աոաջաբանով Լոնդոնի մէջ լոյս տեսաւ «Հայերու վիճակը Օսմանեան կայսրութեան մէջ, 1915-1916» խորագրով փաստաթուղթերու ժողովածուն («Կապոյտ գիրքը»), ուր տեղադրւած են բազմաթիւ հաղորդագրութիւններ եւ վկայութիւններ հայկական կոտորածներուն եւ տեղահանութեանց վերաբերեալ՝ մերկացնելով երիտասարդ թուրքերու ազգայնամոլ, հայասպան քաղաքականութիւնը:
Հայերու պաշտպանութեան դիրքերէն Բրայս յաճախ հանդէս եկաւ հրապարակային ելոյթներով: Մասնաւորապէս 1920 թւականի փետրւարին, Լորդերու պալատին մէջ իր արտասանած ճառով՝ Բրայս մեղադրեց քեմալականները՝ Կիլիկիոյ հայերուն հալածելու եւ երկրորդ անգամ կոտորելու եւ տեղահանելու համար՝ միաժամանակ քննադատելով Բրիտանիոյ յետպատերազմեան քաղաքականութիւնը Հայկական Հարցին մէջ:
Սերտ յարաբերութիւններ ունեցած է հայ հասարակական-քաղաքական գործիչներու հետ՝ ինչպէս Արշակ Չոպանեան եւ Պօղոս Նուբար փաշա:
Պետական-քաղաքական փայլուն գործիչ էր Ջէյմզ Բրայս, ատենի Բրիտանական կայսրութեան Ազատական կուսակցութեան հաւատարիմ անդամ մը, որ 1880-ին առաջին անգամ ընտրւեցաւ Մեծն Բրիտանիոյ խորհրդարանի պատգամաւոր՝ Ազատական կուսակցութեան ցուցակով: Մինչեւ 1907, Բրայս շարունակեց իր անդամակցութիւնը խորհրդարանին՝ գործադիր իշխանութեան մէջ եւս պաշտօններ ստանձնելով:
Յատկապէս Գլադսթոնի վարչապետութեան օրով՝ Ջէյմզ Բրայս հասաւ մինչեւ արտաքին գործոց փոխնախարարի պաշտօնին: Վարեց նաեւ դեսպանութեան պաշտօններ: 1907-ին ան նշանակւեցաւ Մ. Նահանգներու մօտ Բրիտանիոյ դեսպան եւ այդ պաշտօնին վրայ մնաց մինչեւ 1913՝ անգլեւամերիկեան երկարամեայ բարեկամութեան եւ գործակցութեան ամուր հիմերը դնելով:
Նոյն շրջանին, տասնամեակներու իր ծառայութեան համար, Բրայս արժանացաւ Էդւըրդ 7-րդ թագաւորի արժանաւորութեան կարգին՝ Լորդի տիտղոս ստանալով եւ 1913-ին Լորդերու պալատին անդամ ընտրւելով:
Երբ սկսաւ Առաջին Աշխարհամարտը, բրիտանական կառավարութիւնը Բրայսի յանձնարարեց Բելգիայի մէջ գերմանական կայսերական բանակին գործած ոճիրներուն մասին պետական տեղեկագրի մը պատրաստութիւնը, որ 1915-ին լոյս տեսաւ «Բրայսի զեկոյց» անունով:
Իր այդ դիրքէն եւ միջազգային մեծ վարկի արժանացած եւ յարգանք վայելող պետական գործիչի, իրաւագէտի եւ պատմաբանի հեղինակութեամբ՝ 1915-ի յուլիսին, Բրայս Լորդերու պալատին մէջ ունեցաւ պատմական իր ելոյթը՝ ահազանգ հնչեցնելով թուրքական պետութեան ի գործ դրած հայ ժողովուրդի բնաջնջման ցեղասպանական ոճիրին դէմ:
Բրիտանական կառավարութիւնը յանձնարարեց Բրայսի, որ երիտասարդ պատմաբան Առնոլդ Թոյնբիի գործակցութեամբ մանրամասն տեղեկագիր մը պատրաստեն հայերու դէմ գործւած թուրքական ջարդերուն մասին: Բրայս-Թոյնբի երկեակի այդ աշխատանքին արգասիքը եղաւ «Կապոյտ գիրքը»:
Իր կեանքի վերջին տարիներուն, Բրայս նշանակւեցաւ Լահէի Միջազգային ատեանի անդամ, մեծ ներդրում ունեցաւ Ազգերու լիգայի ստեղծման մէջ, բայց յատկապէս Առաջին Աշխարհամարտի աւարտէն ետք Դաշնակիցներու նախաձեռնած խաղաղութեան բանակցութիւններու ընթացքին ջերմօրէն պաշտպանեց հայ ժողովուրդին նկատմամբ արդարութիւն գործելու անհրաժեշտութիւնը:
Հակիրճ եւ խորագրային յիշատակումներով ներկայացւած՝ այսպիսի՛ բեղուն գործունէութիւն ունեցաւ 1838-ի մայիսի 10-ին Բելֆաստ ծնած բրիտանացի պետական-քաղաքական գործիչը, որուն դերկոմս Ջէյմզ Բրայս անունը, ներհուն պատմաբանի եւ իրաւագէտի արժանաւորութեամբ, կը խորհրդանշէ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի բարեկամն ու Հայկական Հարցի պաշտպանը, որ վկայեց ի միջի այլոց.-
«- Ջարդերը հետեւանք էին այն քաղաքականութեան, որուն որքան կարելի է պարզել, որոշ մէկ փուլի կը հետեւէր թուրքական կայսրութեան մէջ ներկայ իշխանութեան գլուխ կանգնած անսկզբունք բախտախնդիրներու աւազակախումբը:
Անոնք կերկմտէին իրագործելու այդ ոճիրը, մինչեւ որ ըստ անոնց հասաւ յարմար պահը, եւ այդ պահը ապրիլ ամիսն էր»:
«- Կը ցաւիմ, որ այդպիսի տեղեկութիւնը ինձ հասաւ շատ ժամեր անց եւ ցոյց կու տայ, որ 800.000-ը՝ մայիսէն ասդին ոչնչացւածներու հնարաւոր թիւն է...»: (Լորդերու պալատ, Հանսարդ, 5-րդ ժողովածու, հատոր XIX, 6 հոկտեմբերի 1915):

Ջէյմզ Բրայս Հայ Դատ Հայկական Հարց Թուրքիա ցեղասպանութիւն
«ԱԼԻՔ» Օրաթերթ
«ԱԼԻՔ» Օրաթերթ
Комментарии
Отправить комментарий