“ՀԱՅ ՄԱՅՐԸ“-ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
...մի՛միայն Հա՛յ Մայր ունենալու համար կ՛արժէ աշխարհ գալ…:
Մեր ողջ պատմութեան ընթացքին, հայ մայրը հայ ժողովուրդին համար ո՛չ միայն դարձած է տիպար մայր` իր կեանքին մէջ ցոլացնելով հոգեւոր, բարոյական ու ազգային սրբազան արժէքներն ու առաքինութիւնները, ո՛չ միայն ան ընտանիքին ամրակուռ սիւնն է եղած ու իր զաւակներուն նուիրեալ դաստիարակը, այլ մեր պատմութեան ամենէն ճակատագրական պահերուն իր օրինակելի վարքա-գծով, ամուր կեցուածքով, անհուն զոհողութեամբ, քրիստոնէական հաւատքի պահպանութեան ու պաշտպանութեան, ինչպէս նաեւ ազգաշինութեան ու հայրենաշինութեան սրբազան առաքելութեան բերած իր ամբողջանուէր ու յանձնառու մասնակ-ցութեամբ եղած է բարձրագոյն աստիճանի յարգանքի արժանի անձ մը:
Բառերը մարդկային, որքան ալ զօրեղ ու գեղեցիկ ըլլան, անզօր են արտայայտելու հայ մարդու սրտին ընդերքէն ժայթքող ջինջ զգացումները, անհուն սէրն ու խոր երախտագիտութիւնը իր գոյաւորման աղբիւրը ու գոյատեւման ամրոցը դարձած հայ մօր նկատմամբ: Արդարեւ, զուր չէ, որ մեր իմաստուն ժողովուրդը իր ամենէն նուիրական սրբութիւններուն տուած է մայր մակդիրը` զանոնք կոչելով Մայր Եկեղեցի, Մայր Հայաստան, Մայր լեզու…:
Արդարեւ, եթէ մայրական սիրոյն անհունութիւնը, խանդաղատանքին ջերմութիւնը, նուիրումին ազնուութիւնը եւ զոհաբերութեան զօրութիւնը բնութագրած մակդիրները, վերադիրները, ստորոգելիներն ու ածականնները պահ մը փորձենք ի մի խըմբել, էջե՜ր կը լեցուին: Նո՛յնը կարելի է ըսել հայ մօր բացառիկ կերպարը եւ առաքինի էութիւնը փառաբանելու նպատակով յօրինուած բազմահարիւր բանաստեղծութիւններուն ու երգերուն համար:
Հայուն համար ուրի՛շ է հայ մայրը, որպէս հաւատքի, նուիրումի, կամքի ու սիրոյ վաւերական մարմնացում: Բանաստեղծին բառերով`
“Թափառեցայ երկիրներ, ճամբաներով շատ անցայ,
Տեսայ զրկանք, տեսայ ցաւ, սէր ու խնդում ես տեսայ,
Բայց չտեսայ, չգտայ ո՛չ մէկ սիրտ այնքան արի,
Քու հոգիիդ չափ ազնիւ, մա՛յր իմ անուշ ու բարի“:
Հայուն ջինջ զգացումները իր մօր նկատմամբ հարազատօրէն նկարագրող Համաստեղի այս բառերը կարելի է տարածել բոլոր ժամանակներու հայ մայրերուն` սկսելով հեթանոս շրջաններէն ժառանգուած բեղմնաւորութեան եւ ինքնաբաշխումի խորհրդանիշ Անահիտ չաստուածուհիէն, վեր առնելով երկնային առաքինութիւններով լուսապսակ-ուած պայծառ ներկայութիւնը հայ եկեղեցւոյ սրբուհիներուն` հասնելու համար հայոց պատմութեան ամենաճակատագրական պահերուն բախտորոշ պատասխանատուութիւններ ստանձնած մեր թագուհիներուն եւ իշխանուհիներուն, որոնք կոչուեցան Աշխէն թագուհի եւ Շուշանիկ Պահլաւունի, Փառանձեմ ու Սօսէ Մայրիկ ու մինչեւ նոր ժամանակներու յայտնի ու անյայտ մեր բոլոր անզուգական մայրերուն:
Հայ մայրը հոմանիշ է յաւիտենական արժէքներու ու երկնատուր արժանիքներու, գերագոյն իտէալներու ու նուիրական ձգտումներու, վեհ առաքինութիւններու ու ամուր սկզբունքներու: Հայ մայրը պատուանդանն է մեր գոյութեան, աղբիւրը մեր զօրութեան, միջնաբերդը մեր ինքնութեան, ներշնչարանը մեր պայքարին:
Արդ, առանց հայ մօր ճառագայթող ներկայու-թեան երա՛շտ է մեր կեանքը: Առանց հայ մօր մարդակերտումի ու հայակերտումի առաքելութեան անգո՛յն է մեր կեանքը: Առանց հայ մօր յանձնառու մասնակցութեան աղքա՛տ է մեր կեանքը:
Հայ մայրո՛վ հայը հայ մնաց` պատմութեան ամեհի ալիքներուն դիմաց:
Հայ մայրո՛վ հայը հայ է` ներկայ ժամանակներու ինքնութիւն ապականող հոսանքներուն դիմաց:
Հայ մայրո՛վ հայը հա՛յ պիտի մնայ` գալիք բոլոր ժամանակներու մարտահրաւէրներուն դիմաց:
Չմոռնանք երբեք, որ հայ մայրը եկեղեցի՛ դարձաւ, հոն ուր եկեղեցի չունեցանք. դպրո՛ց դարձաւ, հոն ուր դպրոց չունեցանք. հայրենի՛ք դարձաւ, երբ հայրենիք չունեցանք:
Նո՛յնը կոչուած է ըլլալ հայ մայրը այսօր ու միշտ: Ա՛յս է հայ մօր հարազատ կոչումը:
Բի՜ւր յարգանք հայ մայրերուն:
Աղօթարար`
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Комментарии
Отправить комментарий