Հայկանուշ Մառք (1883-1966)
Հայ կնոջ հասարակական զարթօնքին արժանաւոր պատգամաբերը
Պոլսահայ հոգեմտաւոր մեծ ժառանգութեան մէջ իր կարեւոր ներդրումը ունի բանաստեղծ ու արձակագիր, բայց մանաւանդ յանդուգն հրապարակագիր Հայկանուշ Մառք, որ իբրեւ այդպիսին արժանի տեղ կը գրաւէ Սրբուհի Տիւսաբի, Զապէլ Ասատուրի, Զապէլ Եսայեանի օրինակով մեծանուն հայ կին հեղինակներու փաղանգին մէջ։
Բանաստեղծական խոր զգացողութեան եւ մտաւորական լայն հորիզոնի տէր գրողն է Մառք, որ ոչ միայն հայ կնոջ յուզաշխարհը շնչաւորող գրականութիւն մը կտակեց մեր ժողովուրդին, այլեւ՝ անխոնջ դրօշակիրը դարձաւ հայ կնոջական շարժման՝ հայ կնոջ իրաւունքներուն պաշտպանութեան նուիրաբերելով իր գրիչն ու իմացական ուժերը։
Կնոջական աշխարհին, հայ կնոջ ընկերային հարցերուն եւ յատկապէս կանացի իրաւունքներուն ու դատին պաշտպանութեան նուիրուած իր հրապարակագրական հարուստ ժառանգութեամբ, յատկապէս իր հոգեզաւակը հանդիսացող «Հայ Կին» թերթով՝ Հայկանուշ Մառք իրաւամբ կը հանդիսանայ քսաներորդ դարու առաջին յիսնամեակին ամէնէն աւելի լայն ժողովրդականութիւն վայելող գրիչներէն մէկը։
Հայկանուշ Մառքի գաղափարական կտակը խտացնելու կը ծառայէ «Հայ Կին»ի առաջնորդող յօդուածներէն քաղուած հետեւեալ պատգամը.
«Մեր ետին կը թողնենք արահետ մը, որ թէեւ տօնական կամ փայլուն ոչինչ ունի, բայց արահետ է, որուն առանց ամչնալու կը նայինք, գիւղի նեղ արահետ մը, որմով անցած ենք՝ կատարելով մեր պարտականութիւնները իբրեւ կին, իբրեւ ամուսին եւ իբրեւ մայր: Հիմա նոր ուղի պիտի հարթենք, անիկա պիտի ըլլայ քաղաքի լուրջ ճանապարհ մը, աւելի լայն, աւելի ուղիղ, աւելի ձիգ՝ դէպի նպատակը: Այդ ճամբուն վրայ պիտի կրենք մեր պատասխանատուութիւնը, պիտի ստեղծենք մեր իրաւունքները, պիտի դարբնենք մեր գործը` ամէնեւին չհեռացնելով մեզ մեր կանացի բնազդներէն, մեր տունէն: Անիկա պիտի տանի մեզ բարձունք մը, ուր կը մղեն մեզ մեր սեռի, մեր ազգի, մեր հայրենիքի վերածնունդին ջղապիրկ իղձերը»։
Հայկանուշ Մառք ծնած է Պոլիս, 14 Փետրուար 1883ին։ Ուսումը ստացած է «Եսայեան» վարժարանին մէջ՝ աշակերտելով Զապէլ Ասատուրի, որուն արժանաւոր յաջորդը դարձաւ։ Հազիւ երիտասարդ՝ նետուեցաւ ազգային-հանրային գործունէութեան ասպարէզ՝ մէկ կողմէ կնոջական իր ներաշխարհը թրթռացնող քերթուածներ ու արձակ էջեր լոյս ընծայելով, իսկ միւս կողմէ՝ քսաներորդ դարասկիզբի հայ իրականութեան մէջ կնոջական իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ ընկերային խնդիրներու արծարծման նուիրուելով։
Հայկանուշ Մառքի կոթողական իրագործումը կը հանդիսանայ հրատարակութիւնը «Հայ Կին» հանդէսին, որ Առաջին Աշխարհամարտի աւարտէն ետք եւ Մեծ Եղեռնի բացած խորագոյն վէրքը դարմանելու առաջադրանքով ճամբայ ելաւ 1919ին եւ շարունակուեցաւ մինչեւ 1932 թուականը։ «Հայ Կին»ը կամուրջ մը եղաւ ոչ միայն նախա-Եղեռնեան շրջանի ազգային մեր արժէքներուն հետ նորահաս սերունդներու հոգեմտաւոր կապը ստեղծելու եւ ամրապնդելու առումով, այլեւ՝ արեւմտահայ եւ արեւելահայ, խորհրդահայ ու սփիւռքահայ հաղորդակցութիւնը պահպանելու եւ խորացնելու իմաստով։
Հայկանուշ Մառքի գրական ստեղծագործութիւնները, արձակ բանաստեղծութիւններ ու պատմուածքներ, հաւաքուած ու առանձին հատորով լոյս տեսած են «Ծուլութեան պահերէս» խորագրին տակ։ Իսկ «Ծփանքներ կեանքէս» խորագրով հրատարակուած հատորի մը մէջ, Հայկանուշ Մառք ներկայացուցած է իր ինքնակենսագրական յուշագրութիւնը։
Ինչպէս իր գրական-գեղարուեստական, այնպէս ալ հրապարակագրական էջերուն մէջ, Հայկանուշ Մառք օգտագործեց յստակութեամբ ու պարզութեամբ յատկանշուող լեզու մը, որ աւելիով ժողովրդականութիւն ապահովեց իր հաճելի գրելաոճին։
1954ին, Պոլսոյ մէջ, մեծ շուքով տօնուեցաւ Հ. Մառքի գրական գործունէութեան յիսնամեակը։ Այդ առիթով հրատարակուեցաւ իր բանաստեղծական եւ հրապարակագրական գործերէն ծաղկաքաղ մը՝ «Հայկանուշ Մառք — կեանքն ու գործը» խորագրին տակ։
Հայ գրականութեան եւ հրապարակագրութեան կնոջական ձայնը շնչաւորող եւ հայ կնոջական շարժումը ժողովրդականացնող նուիրեալը ապրեցաւ մինչեւ խոր ծերութիւն։ Վերջին տարիներուն առողջական վիճակը վատթարացած էր ու Մառք տեղափոխուեցաւ Պոլսոյ հայոց Ազգային Հիւանդանոցը, ուր եւ վախճանեցաւ 7 Մարտ 1966ին՝ իր սեփական ճոխ գրադարանն ու բոլոր իրեղէնները կտակելով Սուրբ Խաչի Դպրեվանքին։
Ոգեկոչելով հայ կնոջական շարժման արժանաւոր պատգամաբերին յիշատակը՝ ահա նաեւ ճաշակ մը անոր բանաստեղծական յուզաշխարհէն.
Ինչպէ՞ս
Ինչպէ՞ս սիրեմ զքեզ, սիրելիս
Որ սէրս ըլլայ միշտ տեւական ու տարբեր,
Ինչպէ՞ս սիրեմ զքեզ, իմ հոգիս,
Ոը նմանը չըրած ըլլան ուրիշներ …։
Ինչպէ՞ս, ըսէ՛, երազեմ քեզ որ յոգնած
Չծանրանան աչքերս արթուն ու ցած
Ձայներն չվրդովեն հանգիստ – քուն՝
Երբ մտնեմ քուն ։
Ինչպէ՞ս գգուեմ զքեզ սէրովս րոլոր,
Որ նախանձին սիւքերը, ծիլերն ալ ոլոր ,
Ինչպէ՞ս կազմեմ տարրերը սիրոյս կրակին
Որ հոն բոլոր իղձերս ալ բոբբոքին:
Ինչպէ՞ս ըսեմ թէ չաստուած մ՛ես դուն կամ անկէ
Աւելի վեր,
Հոգի մը վառ կրակէ,
Անձնուէր…
Ինչպէ՞ս սակայն ինչպէ՞ս սիրեմ քեզ, անոյշ սիրական
Որ սա խենթ սէրս ըլլայ յաւէտ տեւական։
«Լոյս», 1904։

Комментарии
Отправить комментарий