ՏԽՈՒՐ ՅԻՇԱՏԱԿՆԵՐ

Ապրիլ է: 1915, Հայոց երկնակամարը կը մթագնի: Վստահ եմ, իւրաքանչիւր Հայ, իր մէջ կը կրէ Հայոց Ցեղասպանութենէն, ողբերգական դէպքեր:
Կողակիցս՝ Յակոբին, երկնագնացութենէն մէկ տարի ետք, կը վերյիշեմ իր նահապետական գերդաստանը, անոնց հաւատքն ու սէրը առ Աստուած, և խիզախ նահատակութիւնը Քրիստոսի սիրոյ:
Վառվառ, ամուսնացած էր Խարբերդի Խուլայ գիւղին աւագ քահանայ՝ Տէր Եղիա Տէր Եղիայանի հինգերորդ որդւոյն՝ Յարութիւնին հետ: Քահանային չորրորդ զաւակը, Կարապետ «կեսրայրս» Ամերիկա մեկնած էր աշխատելու, իր կինը և երկու զաւակները յանձնելով ընտանիքին խնամքին:
Հինգ հարսեր և զաւակներ շատ սիրով կ՛ապրէին այս նահապետական տան մէջ. ամէն ոք ունէր իր գործը: Քահանան շատ սիրուած և յարգուած էր. իր ընտանիքէն և իր ժողովուրդէն:

1915, Ապրիլ, վախ ու սարսափ կը տիրէ ամէն կողմ: Զանգուածային կոտորած: Ծրագրուած էր Հայ ազգը բնաջնջել: Թուրքեր կը մտնեն Հայ տուներէ ներս, և կը հաւաքէն, այր մարդիկը: Վառվառ կը պահէ իր ամուսինը, իրենց տան կից եկեղեցիին խորանին ետև, միւս տղաքն ալ կը պահուին տարբեր անկիւններ:
Թուրքերը կը կոտորեն այս տան դուռը, կը պոռան, քահանային երեսին. «Դո՛ւրս հանէ տղաքդ, եթէ ո՛չ՝ կը մեռցնենք քեզ»: Հայր իմ, ի՜նչպէս կրնար յանձնել իր զաւակները անգութ, անխիղճ մարդոց սև ձեռքերուն: Թուրքերը կը փնտռեն այս տան ամէն մէկ անկիւնները, յետոյ կը մտնեն եկեղեցի, կը գտնեն տղաքը, դուրս կը հանեն, պատին քով կը շարեն: Անոնց աչքերը կը կապեն, հարուածներ կ՛իջեցնեն, կը չարչարեն այս անմեղները: Ապա կը գնդակահարեն: Վառվառ կը շարունակէ պատմել դէպքը, ահաւոր է, իր ողբերգական, ցնցող մանրամասնութիւններուն մէջ, «Բոլորս հոն էինք. բարձրաձայն կը հեծկլտայինք: Քահանան «Զաւակներս», կը պոռար, փոքրիկները՝ «Հայրի՜կ», կ՛աղաղակէին: Հարսերը կ՛ողբային, մինչ անոնց անշունչ մարմինները ինկած էին գետին:Թուրքին գոռ ձայնն էր. «Ամէն բան թողուցէ՛ք ու ետևէ՛ս քալեցէք»:
Ի՜նչպէս կրնար քալել հայր մը, երբ սրտահատորներուն դիակները փռուած էին փողոցը: Ինք, որ ա՛յնքան մեռելներ թաղած էր, անթաղ մնացին իր անոյշ զաւակները:
Կը քալէ ժողովուրդը. կորաքամակ ծերունիներ, կտրիճ երիտասարդներ, մտաւորականներ, մեծեր ու փոքրիկներ: Օրօրոցի մանուկներ, երբեմն կը խլուէին մայրական գիրկերէն: Ժողովուրդը յոգնած անօթի ու ծարաւ է, չեն գիտեր ո՞ւր կ՛երթան: Կը հասնին գետի մը եզերքը: Թուրքը կը զլանայ կաթիլ մը ջուր դնելու իրենց ծարաւած բերնին, կ՛իյնան գետեզերքը ուժասպառ:
Այս միջոցին երիտասարդ մը վազելով կուգայ քահանային քով և կ՛ըսէ. «Քէշիշ Պէյ, լսեցի ձեր մասին, եկայ որ ձեզ ազատեմ: Ես, այն պատանին եմ, որ վրաս աղօթեցիր և ես բժշկուեցայ, միայն թէ ուրացիր Քրիստոսը»: Քահանան մնացած ոյժը հաւաքելով ոտքի կ՛ելլէ ու կ՛ըսէ. «Ո՛վ անգութ ,Թուրքի զաւակ, գնա՛ հեռացի՛ր, աչքերուս առջևէն, ի՞նչպէս կրցաք չարչարել և գնդակահարել իմ չորս անմեղ զաւակներս, որոնց դիակները փողոցն են դեռ: Մենք չե՛նք ուրանար Քրիստոսը, մահը անոյշ է ինծի»:

Դահիճները հոն են, կը յարձակին քահանային վրայ, կը ծեծեն զինք, մօրուքը կը փետտեն: Ինք լողալ գիտէր, նախ մէկ թևը, ապա միւսը կ՛անջատեն մարմինէն: Արիւնը կը հոսի, բոլոր ժողովուրդը և իր ընտանիքը կուլային, քահանան կ՛ըսէ. «Ո՜վ հարսերս, թոռնիկներս և ժողովուրդս, ձեր հաւատքը մի՛ մոռնաք, Քրիստոսը մի՛ ուրանաք, մնացէ՛ք Հայ, մնացէ՛ք Քրիստոնեայ: Վերը, երկինքը կը տեսնուինք»: Եւ թուրք զինուորը զինք կը նետէ Եփրատ գետի ջուրերուն: Վառվառ կը շարունակէ պատմել խեղդուած ձայնով, ամուր, ձեռքս սեղմելով, յենած, իր ձեռնափայտին և պարբերաբար, ձախ ձեռքով յորդառատ արցունքները սրբելով, կ՛ըսէ. «Յանկարծ քահանային գլուխը տեսանք ջուրերուն վրայէն և ըսաւ «Քրիստոսը մի՛ ուրանաք՜»: Այդ ձայմը մինչև այսօր ականջներուս մէջ է»: Մեծ հարսը, չի կրնար դիմանալ այսքան «զուլում»ին, իր երկու փոքրիկներուն ձեռքէն բռնած կ՛ըսէ. «Յանուն Հօր և Որդւոյն և Հոգւոյն Սրբոյ. ամէն» և կը նետուի գետը: Իրեն կը հետևին շատեր: Անգութ թուրքին գոռ ձայնն է. «Քալեցէ՛ք»:
35 տարեկան Վառվառ, գիրկը ունէր վեց ամսուան զաւակը, Գոհարիկը: Կաթը քաշուած էր: Մանուկը կուլար, կը պաղէր, անօթի ու ծարաւի էր: Ճամբուն եզերքը դիակներ կային, կամաց մը, շարքէն դուրս ելաւ, մօտեցաւ անոնցմէ մէկուն որ լաթ մը առնէ իր ձագուկը ծածկէ: Խեղդուկ ձայն մը կը լսէ. «Վառվա՜ռ, իմ լաթս մի՛ առներ, կը մսիմ»: Կը ծռի տեսնելու, թէ ո՞վ էր: Ի՜նչ տեսնէ, իր ները, Խումարն էր, որ վերջին շունչը կը փչէր: Արցունքով կը հեռանայ անոր քովէն:
Գոհարիկ տժգոյն էր: Մահը մօտ էր, կը դողար: Հոն ծառ մը կար, անոր շուքին կը պառկեցնէ մանուկը, կը խաչակնքէ և կ՛աղօթէ: Տ՜էր Յիսուս Քրիստոս, քեզի կը յանձնեմ հրեշտականման ձագուկս, գիտեմ իրեն լաւ հոգ պիտի տանիս: Երանի՜ ես ալ հետը մեռնէի, քեզի և գերդաստանիս միանայինք միասին»: Կը համբուրէ մանուկին պաղ ճակատը: Երկու Թուրք զինուորներ զինք կը տեսնեն, և շարքէն ներս կը հրեն:

1919. զինադադար կը հռչակուի: Կարապետ, Ամերիկայէն կը վերադառնայ: Երկար փնտռտուքէ ետք, կը գտնէ եղբօր կինը և ազգական մը, Ուրֆայի որբանոցին մէջ: Կ՛ամուսնանայ Խարբերդցի քահանայի մը աղջկան հետ՝ : Աստուած կ՛օրհնէ այս ընտանիքը: Կարապետ կը լծուի գործի, Ամերիկայէն բերած դրամով շատ Հայուհիներ կ՛ազատէ թուրք տուներէն: Վառվառ նախ Հալէպ ապա Ամերիկա կը հաստատուի: Այս հաւատացեալ մամիկը, յաճախ կը պարպէ իր սիրտը անցեալի սահմռկեցուցիչ պատահարներուն մասին խօսելով, որոնք անմոռանալի են մեր սրտին եւ մտքին մէջ: Վառվառ 108 տարեկանին մեկնեցաւ այս աշխարհէն երկինք:
Քրիստոսով ննջած մեր նահատակներուն յիշատակը մի՛շտ վառ պիտի մնայ ամէն Հայու սրտին մէջ: Յարգանք իրենց անմոռանալի յիշատակին:

ԼԻՏԻԱ ՏԷՐ ԵՂԻԱՅԱՆ
աղբիւր-«Երջանիկ Յոյս-Ծ տարի-թիւ-2»

Комментарии

Популярные сообщения из этого блога

«ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ» - երգ, խոսք՝ ՎԱՀԱՆ ԹԵՔԵՅԱՆԻ Դաշնակահար` ԱՆԱՀԻՏ ՄԵ...