ՆՒԻՐԵԱԼՆԵՐ - Մինաս Չերազ (1852-1928)
Հայ Դատի պաշտպան զինուորագրեալներուն նախակարապետը

ՄԻՆԱՍ ՉԵՐԱԶ. «Վարչաձևը առօրյա է, հայրենիքը` հավիտյան»
Ինչ-որ կուսակցական պաշտոնյա ասել էր, թե էս դաշնակի գերեզմանն ի՞նչ գործ ունի էստեղ

«Տեղահանութիւնն ու ջարդը անապատի ու գերեզմանատան փոխեցին Տաճկահայաստանը, սակայն հայութեան մոխիրներուն մէջէն Ռուսահայաստանը ծնաւ իբր փիւնիկ: Այժմ ալ հոն է մեր մխիթարութեան աղբիւրը, մեր յոյսերուն խարիսխը: Օգնենք այդ երկրին, ի՛նչ վարչաձեւի տակ ալ ըլլայ: Վարչաձեւը առօրեայ է, հայրենիքը՝ յաւիտեան»:

1926-ին Փարիզի մէջ արտասանուած այս խօսքը վերջին պատգամն ու քաղաքական կտակն էր Հայկական Հարցի անխոնջ դատապաշտպաններէն Մինաս Չերազի ...

Մինաս Չերազի անունը առաջին անգամ հռչակուեցաւ 1878-ին, երբ իբրեւ քարտուղար ու թարգման՝ ան 26 տարեկանին մաս կազմեց Պերլինի Վեհաժողովին ներկայացած Հայկական Պատուիրակութեան, որ կը գլխաւորուէր Խրիմեան Հայրիկի կողմէ։

Մինչեւ Պերլինի Վեհաժողովը, 1876-ին արդէն, Մինաս Չերազ ընտրուած էր օրուան Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք Ներսէս Վարժապետեանի կողմէ, որպէսզի Հայաստանի եւ հայութեան պահանջատիրական ձայնը լսելի դարձնէ եւրոպական մեծ տէրութեանց դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններուն մօտ։ Քաղաքական եւ մտաւորական լայն պատրաստութեան տէր, հայերէնի եւ օսմաներէնի կողքին՝ անգլերէնի ու ֆրանսերէնի քաջատեղեակ երիտասարդ գործիչը այնուհետեւ իր ամբողջ կեանքն ու գործունէութիւնը նուիրաբերեց Հայկական Հարցի միջազգային ճանաչումին եւ պաշտպանութեան։

Իր այդ հարուստ կենսափորձին վրայ հիմնուելով էր, որ 1926-ին, երբ Փարիզի մէջ կը տօնուէր իր ազգային-քաղաքական ծառայութեան յիսնամեակը, ցմրուր ըմպելէ ետք մեծապետական դիւանագիտութեան խարդաւանքին դառնագոյն բաժակը Լօզանի մէջ, Մինաս Չերազ տարագիր հայութեան պատգամեց Հայրենիքին անշեղօրէն կառչելու հանգանակը։

Տարի մը ետք, 1927-ին, Գահիրէի մէջ տպագրուած «Մինաս Չերազ. իր կեանքը եւ գործը» 368 էջնոց գիրքի հեղինակ Արշակ Ալպոյաճեանը գրեց իր յառաջաբանին մէջ, թէ Պերլինի Վեհաժողովին հայ ժողովուրդի ապրած առաջին մեծ յուսախաբութենէն ետք, «Չերազ, սակայն, անվհատ շարունակեց իր սկսած գործը՝ Եւրոպային ծանօթացնելով հայը եւ իր պահանջները, յուսալով, որ Եւրոպա յանուն գթութեան կամ քրիստոնէական մարդասիրութեան պիտի հաճի օգնութեան հասնիլ եւ փրկել հայ ազգը թրքական լուծէն: Այս պատրանքը ունեցեր էին Ներսէս Վարժապետեան (Պոլսոյ պատրիարք) եւ իր շուրջինները, որոնցմէ մէկն ալ Մինաս Չերազն էր, որ առաջին օրէն գործակից գտնուած էր Հայկական Խնդիրը ստեղծող խմբակին եւ գործօն դեր կատարեր էր նուիրաբերելով իր ջանքերը եւ աշխատութիւնները «սուրբ գործին»: Չերազ պահեց այդ միամիտ հաւատքը, թերեւս մինչեւ Լօզանի դաշնագիրը, որ վերջ կու տար մեր բոլոր միամտութեանց եւ քար ու քանդ կþընէր ամէն բան, բայց մանաւանդ օտար աջակցութեամբ հայ անկախ հայրենիք մը ունենալու հաւատքը»:

Նման թիւր ընկալման ու արժեւորման ենթարկուեցաւ Մինաս Չերազ երկար տասնամեակներ, Հայաստանին ու հայ ժողովուրդին պարտադրուած խորհըրդային տիրապետութեան ամբողջ ժամանակաշրջանին։ Հայկական Հարցը միջազգայնացնելու ամբողջ սերունդի մը քաղաքական վարքագիծը այդպէս՝ խորհրդային պաշտօնական քարոզչութեան պարտադրանքով, մեր ժողովուրդին ներկայացուեցաւ իբրեւ Եւրոպայէն ու Արեւմուտքէն «Հայ անկախ հայրենիք մը»... մուրալու թիւրահաւատութիւն ու միամտութիւն։

Միայն 1970-ականներուն էր, որ Սփիւռքի տարածքին աստիճանաբար լսելի դարձան համարձակ ձայներ, յատկապէս այսպէս կոչուած «Հայաստանասէր»՝ իմա՛ հակադաշնակցական ճակատի մտածողներուն կողմէ, որոնք Հայ Դատի միջազգայնացման ու հետապնդման հարիւրամեայ պայքարը փորձեցին դուրս բերել խորհրդային գաղափարախօսութեան ու պատմական նենգափոխումի պրիսմակէն՝ ընդգծելու համար, որ բուն թիւրահատութիւնն ու միամտութիւնը կը կայանային նոյնինքն այն մտայնութեան մէջ, թէ «Խորհրդային Հայրենիք»ի հաստատումով իր «արդար» եւ «վերջնական» լուծումը գտած էր Հայկական Հարցը։

Դժբախտաբար միեւնոյն թիւրահաւատութիւնն ու միամտութիւնը տարբեր եզրերով շարունակուեցան նաեւ Խորհըրդային Դարաշրջանի վախճանէն ետք, երբ վերանկախացեալ Հայաստանի ազգային զարթօնքին անունով գտնուեցան նորայայտ գաղափարախօսներ, որոնք Մինաս Չերազին մէջ չուզեցին տեսնել ազգային-ազատագրական պայքարին յանձնառու գործիչը՝ Հայաստանին կառչելու անոր գաղափարական կտակը համարելով վերանորոգ... միամտութիւն մը, օտարէն անկախ հայրենիք աղերսելու «լացակումած» վարքագիծ մը։

Արդէն ուշացած ենք, ազգովին, արժանին մատուցելու 15/25 Յուլիս 1852-ին Պոլիս ծնած Մինաս Չերազ անուն հայ գրողին, խմբագրին, թարգմանիչին, հասարական գործիչին եւ հայրենասէրին, որ իր քաղաքական կենսափորձը ժառանգ ձգած է մեր ժողովուրդին՝ հայերէն, ֆրանսերէն թէ անգլերէն լեզուներով իր հրատարակած հինգ գիրքերով, ինչպէս նաեւ մամուլի էջերուն լոյս տեսած զեկոյցներով, առաջնորդող յօդուածներով եւ ուսումնասիրութիւններով։

Մինաս Չերազի ծնողքը Ակնի Չերազ գիւղէն էին, որոնք ժամանակի պանդխտութեան հոսանքին հետ եկած ու հաստատուած էին Պոլիս։ Մինասի պատանութեան մասին շատ բան չունին կենսագիրները։ Իր անունին առաջին յիշատակութեան կը հանդիպինք Ներսէս Վարժապետեան Պատրիարքի նախաձեռնած Հայկական Գաւառներուն մէջ Բարենորոգումներ իրագործելու դիւանագիտական արշաւին առիթով։ Յատկապէս Պերլինի Վեհաժողովէն ետք, երբ Խրիմեան Հայրիկ մեր ժողովուրդին յորդորեց «Երկաթէ Շերեփ» ձեռք ձգելու քաղաքական իմաստութիւնը, Մինաս Չերազ իր վրայ վերցուց Հայկական Հարցին շուրջ զօրակցութեան մթնոլորտը ընդարձակելու առաքելութիւնը։

Սոսկ Քրիստոնեայ Եւրոպայի գութը շարժելու ուղղութիւն չունէր Չերազ. գործօն մասնակիցներէն եղաւ 1880-ականներուն հայ յեղափոխական շարժումներու խմորման աշխատանքին. ազատախոհ մտածողութեան դրօշակիր մը չէր, բայց թէ՛ Արմենական եւ թէ Հնչակեան կուսակցութեանց հիմնադիրներուն հետ գործակից էր։ Գաղափարական առումով մտերիմն էր յատկապէս Արփիար Արփիարեանի, որուն հետ 1880-ին հիմնեց եւ ղեկավարեց Կ. Պոլսոյ «Միացեալ ընկերութիւնք հայոց» բարեգործական՝ դպրոցաշինական կազմակերպութիւնը: Մինաս Չերազի կեանքին մէջ դարձակէտ հանդիսացաւ 1889 թուականը, երբ 37 տարեկանին, համիտեան հետապնդումներէն խոյս տալով, ան մեկնեցաւ Լոնտոն, ուր հիմնեց միաժամանակ անգլերէնով ու ֆրանսերէնով լոյս տեսնող «Լ՝Արմենի» թերթը: 1890-ականներուն հաստատուեցաւ Ֆրանսա, ուր եւ ապրեցաւ ու գործեց մինչեւ մահ։

Չերազ Խրիմեան Հայրիկի հետ այցելած էր եւրոպական շարք մը երկիրներ՝ դիւանագիտական ճանապարհով Հայկական Հարցի լուծման ի նպաստ ենթահող ստեղծելու նպատակով: Այդ ճամբով իր հաստատած ծանօթութեանց վրայ հիմնուելով, իր «Լ՝Արմենի» գրական-քաղաքական թերթի հրատարակութիւնը ան ծառայեցուց հայ մշակոյթը օտարներուն ներկայացնելու եւ Հայոց Դատի պաշտպանութեան համար Եւրոպայի տարածքին բարենպաստ հանրային կարծիք ստեղծելու նպատակին: Որոշակի իմաստով՝ Հայկական Լոպիինկի նախակարապետներէն եղաւ Չերազ։

1890-ին, Լոնտոնի Քինկզ Քոլէճին մէջ յաջողեցաւ հիմնել ու ղեկավարել Հայկական Ամպիոն մը։ Փարիզ հաստատուելէ ետք, շարունակելով «Լ՝Արմենի» թերթի հրատարակութիւնը, Չերազ ընդարձակեց Հայկական հարցի դատապաշտպանութեան իր հայրենանուէր գործունէութիւնը: Ուշագրաւ է այդ շրջանին անոր հրատարակած «Թէ ի՞նչ շահեցանք Պերլինի Վեհաժողովին» աշխատութիւնը, որ թարգմանուեցաւ նաեւ ֆրանսերէնի եւ, ապա, լոյս տեսաւ անգլիական կառավարութեան կողմէ հրապարակուած «Կապոյտ Գիրք»ին մէջ»:

Մինաս Չերազ նուիրուեցաւ նաեւ թարգմանական գրականութեան։ Ֆրանսերէնի թարգմանեց Պետրոս Դուրեանի, Ռափայէլ Պատկանեանի, Խորէն Նարպէյի (Գալֆայեան) եւ այլ բանաստեղծներու ընտիր երկերը՝ «Հայ Բանաստեղծները» խորագրով:

Ինչպէս հանրագիտական աղբիւրները կը վկայեն, Մինաս Չերազ հռչակաւոր դարձաւ նաեւ հայ ժողովուրդի ճակատագրակից այլ ժողովուրդներու ազատագրական պայքարին իր մատուցած ծառայութիւններով, որոնց համար ատենին՝ Վենեզուելայի կառավարութեան կողմէ պարգեւատրուեցաւ «Ազատարար Պոլիվիարի խաչով»: Նոյնպէս պարգեւատրուեցաւ պարսկական «Առիւծի եւ Արեւի սպայութեան աստիճան» շքանշանով:

1926-ին, իր յոբելեանին առիթով հավաքուած 200 հազար ֆրանքը Չերազ յանձնեց Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան՝ պայմանաւ, որ գումարի տոկոսը ինք ստանայ մինչեւ իր կեանքի վերջը, իսկ մահէն ետք ամբողջ գումարը նուիրաբերուի Հայաստանին՝ Չերազեան անունով վարժարան կառուցելու համար: Չերազ վախճանեցաւ 1928-ին Փարիզ ու թաղուեցաւ այն գերեզմանատունը, ուր 1935ին՝ Չերազի շիրմաթումբին հարեւանութեամբ թաղուեցաւ նաեւ Մեծն Կոմիտասը: 1936-ին, Կոմիտասի աճիւնին հետ, գաղտնաբար շինուած երկյարկ դագաղով, Փարիզէն Երեւան տարուեցաւ նաեւ Մինաս Չերազի աճիւնը: Չերազի թաղումը մեծ շուքով կատարուեցաւ Նուպարաշէնի՝ իր կտակով կառուցուած դպրոցի բակին մէջ: Բայց խորհրդային դառն ու դաժան ամբողջատիրութեան հետեւանքով, մէկ թէ երկու տարի անց, ինչպէս որ կը վկայեն Չերազի հարազատները, անոր աճիւնը դպրոցի բակէն հանեցին:

Ըստ իր եղբօրորդու աղջկան վկայութեան՝ «ինչ-որ կուսակցական պաշտօնեայ ասել էր, թէ էս դաշնակի գերեզմանն ի՞նչ գործ ունի էստեղ»:
Ձարդ Մինաս Չերազի աճիւնին հանգստեան վայրը անյայտ է:
Աղբյուրը՝ «Ազատ օր» օրաթերթ

Комментарии

Популярные сообщения из этого блога

«ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ» - երգ, խոսք՝ ՎԱՀԱՆ ԹԵՔԵՅԱՆԻ Դաշնակահար` ԱՆԱՀԻՏ ՄԵ...