Մարդկային հոգու անհուն առեղծվածը

ԳԻՇԵՐԸ իր ԽՈՐԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ունի: Ներքին հայեացքով կը տեսնես, կը զգաս, կ'ըմբռնես Ա՛ՅՆ, ինչ որ վրիպած էր աչքէդ՝ ցերէկուան լոյսին: Համատարած մութին եւ լռութեան մէջ, ուր չկան հեւքն ու վազքը, աղմուկն ու թոհուբոհը ցերէկուան, մարդ էակը կարծէք կը սուզուի իր ներաշխարհին մէջ, ներքին անհուն տարածք մը կը բացուի իր ներքին տեսողութեան դիմաց, ուր երեւոյթներ, դէմքեր ու դէպքեր ՆՈՐ ԼՈՅՍՈՎ մը կը լուսաւորուին, կը բացայայտուին, կը յայտնաբերուին իրենց թաքուն ծալքերով, իրենց խորութեամբ՝ ներքին հայեացքին առջեւ, որ աւելի է ՊԱՅԾԱՌԱՏԵՍ, ՅՍՏԱԿԱՏԵՍ եւ ԽՈՐԱՏԵՍ, քան լոյսին բացուած տեսողութիւնը ընդհանրապէս: Այս ապրումներն ու միտքերը կ'ունենամ, ամէն անգամ որ գիշերային անքնութեան մէջ, միտքս ու հոգիս կարծէք կ'աշխուժանան, նոր թափ ու սլացք կ'առնեն՝ վերլուծելու, հասկնալու համար այն ԱՆՀՈՒՆ ԱՌԵՂԾՈՒԱԾԸ, որ կը կոչուի ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ՀՈԳԻ, ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԿԵԱՆՔ:
Երան Կոյումջյան

Комментарии

Популярные сообщения из этого блога

«ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ» - երգ, խոսք՝ ՎԱՀԱՆ ԹԵՔԵՅԱՆԻ Դաշնակահար` ԱՆԱՀԻՏ ՄԵ...