Կոչումը ՀԱՅ
«Քանի որ հայ ծնած եմ, ժամանակ չունիմ անհատական կեանքիս մասին մտածելու։ Եթէ Դատ ունեցող ժողովուրդի մը զաւակ չըլլայի, այդ պարագային կը մտածէի վայելքներու մասին»։
-—
ԱՐԱ ՔԸՐԸՃԵԱՆը այս խօսքը միշտ կը կրկնէր եւ այս ճամբուն վրայ ալ ան արհամարհեց ամէն ինչ, մինչեւ իսկ՝ կեանքը։ Եղաւ Հայ Դատի զինուոր, գիտակցաբար կեանքը զոհելով իր միակ ձգտումին՝ Հայ Դատի լուծման։
Ծնած է 8 Յունիս 1963ին, Պէյրութ։ Նախ կը յաճախէ Ազգային Մարտիկեան վարժարանի մանկապարտէզը եւ ապա՝ Ազգային Սուրէն Խանամիրեան քոլէճ, որուն ընթացքը չի կրնար աւարտել՝ հօրը մահուան պատճառով։ 1978ին, տակաւին 8րդ դասարանի աշակերտ, հօրը մահէն ետք տան ապրուստը հոգալու համար, կը ձգէ դպրոցը եւ կը դիմէ արհեստի եւ կը սորվի ոսկերչութիւն։
Տան պատասխանատուութիւնը, սակայն, անոր մոռցնել չի տար Հայ Դատի հանդէպ իր ունեցած պատասխանատուութիւնները եւ պարտաւորութիւնները։ Այս պատճառով ալ ան կ՛ապրի ժուժկալ կեանք մը։
Ազգային իր գիտակցութեան ներշնչման աղբիւրը եւ մղիչ ուժը կ՛ըլլայ իր մայրը, որ իրեն միշտ կը պատմէ հայ ժողովուրդի տառապանքներուն մասին՝ թրքական եաթաղանին տակ։
Արա շատ կը սիրէր փոքրերը։ Իր շուրջ կը հաւաքէր զանոնք եւ կը պատմէր անոնց հայերուն կրած տառապանքներուն մասին։ Անոնց մէջ եւս կ՛արթնցնէր ազգին սէրը։ Իր այս վարմունքին պատճառով մանուկները եւ պատանիները շատ կը սիրէին զինք եւ միշտ կը փնտռէին անոր ներկայութիւնը։
Մարզասէր էր Արա։ Կը սիրէր լողալ եւ չմշկել։ Կը սիրէր նաեւ երաժշտութիւնը։ Յաճախ տունէն կը բացակայէր եւ մասնաւոր բացատրութիւն չէր տար այդ մասին։
Վերջին օրերուն ան մօրը կ՛ըսէ, թէ պտոյտի համար կ՛ուզէ Յունաստան մեկնիլ, սակայն մայրը կ՛ընդդիմանայ։ Քանի մը օր ետք, Արան, կ՛ըսէ, թէ ընկերներով բանակումի պիտի երթան գիւղերը, եւ այդ պատրուակով կը մեկնի տունէն, 22 Յուլիս 1983ին...

Комментарии
Отправить комментарий