«Վերջին ըմբոստութենէ մը առաջ, բոլո՜ր սրբութիւնները դեռ չանարգած, սկիզբին ու վախճանին տակաւին չհայհոյած, անգա՜մ մըն ալ կու գամ քեզի։ Լսէ՛ աղաչանքս, աղօ՜թքը մեր կլորիկ աղջիկներուն եւ ընձիւղ երիտասարդներուն, մեր անուշբերան մամիկներուն եւ հողատէր պապիկներուն, խունկ ծխողին եւ արտ հերկողին, լսէ՜. մե՜նք ալ կ’ուզենք երգել «…Ամէն բանէ վեր»։ Ամպածրար այն լերան կատարէն, ամպրոպին ու փոթորիկին մէջէն, Եհովա՜, սկսէ՛ եւ տուն տուր, տող առ տող։ Եւ թող մեր ժողովուրդը հետեւի ձայնիդ, բոցի պէս ժայթքի երգը թոքերէն ցնծութեամբ եւ արցունքով, դղրդագին ու ահեղ, կիրքերը դադրած, կարգապա՜հ ու սիրալիր. ե՜րգը, տէ՜ր, մեր երգը, տո՜ւր, որ երգենք մեր երգը.
ՀԱՅԱՍՏԱ՜Ն, ԱՄԷՆ ԲԱՆԷ ՎԵՐ…»
Շաւարշ Նարդունի (1898-1968)
ՀԱՅԱՍՏԱ՜Ն, ԱՄԷՆ ԲԱՆԷ ՎԵՐ…»
Շաւարշ Նարդունի (1898-1968)
Комментарии
Отправить комментарий