Հայ Դատի մարտիկը...



«Մենք ծրագրած ենք այս գործողութիւնը,
որովհետեւ վաթսուն տարիէ ի վեր հասած ենք այն եզրակացութեան, որ ո՛չ Եւրոպան, ո՛չ ուրիշը, թէեւ շատ կը խօսին խաղաղութեան մասին, սակայն գործնական գետնի վրայ այդ մէկը կ՛ընէ։ 20րդ դարու առաջին Ցեղասպանութեամբ թուրքը ջարդեց մէկուկէս միլիոն հայ եւ տեղահան ըրաւ մեզի մեր հողերէն։ Այսօր կը փորձեն միշտ հակառակը ցոյց տալ։ Հայերը չեն ջարդուած, այլ՝ թուրքերը։ Մեր հողերէն մե՛նք հեռացուած ենք... Համոզուած ենք, որ միայն զէնքով կայ հայոց փրկութիւն»:
-—
ՎԱՉԷ ՏԱՂԼԵԱՆ - Ծնած է 8 Հոկտեմբեր 1964ին, Պէյրութ, հայաշունչ ընտանիքի մը մէջ։ Հայրը կ՛ըլլայ իր առաջին դաստիարակը, որ Վաչէի մէջ կ՛արթնցնէ ազգին սէրը եւ Հայ Դատի համար պայքարելու ոգին։

Կը յաճախէ թաղին Ազգային վարժարանը, ուր իր մէջ աւելի եւս կը թրծուի ազգային նկարագիրը։ Նախակրթութիւնը աւարտելէ ետք կը մտնէ արհեստի եւ կը դառնայ ինքնաշարժ նորոգող։ Տակաւին պատանի, արդէն իսկ ծայր կ՛առնէ Լիբանանի երկարամեայ պատերազմը։ Պատերազմի ընթացքին Վաչէ իր կարգին կ՛ուզէ տէր կանգնիլ հայկական թաղերու պաշտպանութեան, սակայն փոքր նկատուելով՝ սկիզբը չի կրնար մասնակցիլ պահակութեան։ Հետագային ան կը մասնակցի պահակութեան գործին։

Հայութեան ծառայելու իր բաղձանքը, որ պատանի տարիքին կը դրսեւորուէր պահակութեան ճամբով, գոհացում չի տար անոր եւ գաղափարական կազմաւորման ճամբով կ՛ուզէ անցնիլ ուղղակի գործօն պայքարի։ Ոչ ոք կը մտածէր Վաչէին խօսքերուն մասին եւ ոչ ոք կ՛անդրադառնար անոր երազներուն լրջութեան։ Բոլոր ընկերներն ալ Վաչէին մէջ կը տեսնէին զուարթ, կատակասէր, խանդավառութիւն ստեղծող ընկերային այն տղան, որ միշտ հաճելի մթնոլորտ մը կը ստեղծէր իր շուրջ։

Արձակուրդի մը համար տունէն կը մեկնի 18 Յուլիսին՝ ըսելով, թէ 15 օր կ՛ուզէ Յունաստան անցընել։ Այդ կ՛ըլլայ իր վերջին մեկնումը...

Комментарии

Популярные сообщения из этого блога

«ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ» - երգ, խոսք՝ ՎԱՀԱՆ ԹԵՔԵՅԱՆԻ Դաշնակահար` ԱՆԱՀԻՏ ՄԵ...