Քու Լեզուդ
Ե՞րբ բխեցաւ աղբիւրն առատ իր ակէն.-
Խօսքիդ առուն կը թաւալի օրն ի բուն,
Լեզուիդ անկապ վանկերը բառ են արդէն,
Բառերը պերճ՝ յաղթանակի ղօղանջիւն:
Քու շուրթներով՝ մերթ անսայթաք, մերթ թոթով,
Կը բարբառի մեծախորհուրդ հայ ոգին.-
Ո՛չ մէկ նուագ եւ ո՛չ մէկ տաղ հոգեթով
Ունի արուեստն արեւաշող քու խօսքին:
Կը բարբառի մեծախորհուրդ հայ ոգին.-
Ո՛չ մէկ նուագ եւ ո՛չ մէկ տաղ հոգեթով
Ունի արուեստն արեւաշող քու խօսքին:
Քեզմէ առաջ հնչա՞ծ է մէկն այսքա'ն ջինջ,
Այսքա'ն քնքուշ՝ մեսրոպաշունչ հայ լեզուն…
Մեր գանձերուն, մեր դարերուն խռովիչ
Դուն նորաստեղծ քնարահարն ես բեղուն:
Այսքա'ն քնքուշ՝ մեսրոպաշունչ հայ լեզուն…
Մեր գանձերուն, մեր դարերուն խռովիչ
Դուն նորաստեղծ քնարահարն ես բեղուն:
Երբ հայերէն կը ճռուողես դուն անփոյթ,
Ես կը փակեմ իմաստութեան ամէն գիրք,
Կ'ուզէ Հանին ուտել անո՜ւշ այդ լեզուդ
Ու կը յորդի՜ լոյսերով տունըս փոքրիկ:
Ես կը փակեմ իմաստութեան ամէն գիրք,
Կ'ուզէ Հանին ուտել անո՜ւշ այդ լեզուդ
Ու կը յորդի՜ լոյսերով տունըս փոքրիկ:
Ո՞վ է վարպետն ու ո՞վ աշկերտը խոնարհ
Պապենական մեր մեծասքանչ բարբառին.
Բառերն ամէն զոր դուն ինձմէ սորվեցար՝
Քու շուրթներէդ են կարծես նո՛ր կ'ուսանիմ:
Պապենական մեր մեծասքանչ բարբառին.
Բառերն ամէն զոր դուն ինձմէ սորվեցար՝
Քու շուրթներէդ են կարծես նո՛ր կ'ուսանիմ:
Խօսէ՛, տղա՛ս, խօսէ՜ անվերջ մեր լեզուն,
Այսպէս հպարտ եւ երկիւղով սրբազան,
Եթէ յանկարծ զիս չգտնես օր մը դուն
Եւ մինչեւ իսկ շուրջդ ո՛չ ոք խօսի զայն...
Այսպէս հպարտ եւ երկիւղով սրբազան,
Եթէ յանկարծ զիս չգտնես օր մը դուն
Եւ մինչեւ իսկ շուրջդ ո՛չ ոք խօսի զայն...
Մուշեղ Իշխան
Մհեր Աբեղյան - Մեսրոպ Մաշտոց
թուղթ, իտալական մատիտ, ածուխ
52x42 սմ
թուղթ, իտալական մատիտ, ածուխ
52x42 սմ
Комментарии
Отправить комментарий