Այսօր պատմության մեջ-Տիգրանակերտի ճակատամարտ
Տիգրանակերտի ճակատամարտ, ռազմական ընդհարում հռոմեական զորքերի և հայկական կայազորի միջև։ Տեղի է ունեցել մ.թ.ա. 69 թվականի հոկտեմբերի 6-ին Հայաստանի մայրաքաղաք Տիգրանակերտի մոտ։ Պոնտոսում հռոմեական տիրապետությունը տապալելու և իր դաշնակից Միհրդատ VI Եվպատորին գահին վերականգնելու նպատակով Հայոց թագավոր Տիգրան Բ Մեծը նախապատրաստվել է երկու ուղղությամբ մտնել Ասիա հռոմեական մարզը և վճռական ճակատամարտ տալ Եփեսոսի մոտ։ Սակայն, կանխելով Տիգրան Բ Մեծի հարձակումը, մ.թ.ա. 69 թվականի գարնանը հռոմեական 40 հազարանոց բանակը Լուկուլլոսի հրամանատարությամբ Կապադովկիայի վրայով ներխուժել է Հայաստան և պաշարել է Տիգրանակերտը։
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ - Տիգրանակերտի ճակատամարտը եւ Տիգրան Բ-ի կայսրութեան անկումը
5-էն 6 հոկտեմբերի, 69 թւական (ն.ք.)
Հայոց պատմութեան ուսանելի էջերէն մէկը կը կազմէ Տիգրանակերտի ճակատամարտը, որ պատմաբաններու ճշգրտումով տեղի ունեցաւ 2084 տարի առաջ՝ հոկտեմբերի 5-էն 6-ի վաղ առաւօտեան, մեր թւարկութենէն առաջ (ն.ք.) 69 թւականին:
Ճակատամարտը մղւեցաւ հռոմէական եւ հայկական զօրքերուն միջեւ ու վերջ գտաւ հայոց բանակի պարտութեամբ եւ նահանջով:
Հռոմէական բանակը կը ղեկավարէր Լուկուլլոս զօրավար, իսկ հայկականը՝ Տիգրան Բ Մեծ արքան: Թէեւ ճակատամարտը վերջ գտաւ հայոց արքային նահանջով ու հռոմէական մեծ քաղաքի տեսքով կառուցւած մայրաքաղաք Տիգրանակերտի աւերումով ու աւարումով, այսուհանդերձ՝ հայ-հռոմէական պատերազմը երկար ժամանակ շարունակւեցաւ անկէ ետք եւ միայն նախքան Քրիստոս 67 թւականին հասաւ իր անփառունակ վախճանին, Տիգրան Բ-ի ստեղծած Հայկական կայսրութեան փլուզումով:
Մեծանուն պատմաբան Յակոբ Մանանդեան ամբողջ աշխատասիրութիւն մը նւիրած է հայոց պատմութեան բախտորոշ այս ժամանակաշրջանի թէ՛ ռազմա-քաղաքական հոլովոյթին եւ թէ՛ հոգե-մտաւոր ժառանգութեան հետազօտումին ու արժեւորումին՝ «Տիգրան Երկրորդը եւ Հռոմը» խորագրին տակ: Իսկ Սարգիս Սարգսեան, «Հայ ռազմական արւեստի պատմութիւն» խորագրով իր գործին մէջ, խորազնին ուսումնասիրութեան ենթարկած է Տիգրանակերտի ճակատամարտը:
Ռազմա-քաղաքական առումով՝ Տիգրանակերտի ճակատամարտը եղաւ բացասական դարձակէտ մը եւ անկման սկզբնաւորումը Տիգրան Բ-ի նախաձեռնած ու նւաճած Հայկական կայսրութեան կեանքին մէջ:
Պատմութենէն ծանօթ է, որ Տիգրան Բ գահ բարձրացաւ ն.ք. 95 թւականին եւ, օգտւելով Հռոմէական Կայսրութեան տկարացման մէկ պահէն եւ Պարթեւներու ուժին անկումէն ու այդ բոլորի արդիւնքով ստեղծւած միջազգային նպաստաւոր կացութենէն, յաջողեցաւ քսանհինգ տարւան մէջ (95-էն 70 թւականները) ընդլայնել Հայաստանը Սեւ ծովէն ու Քուռ գետէն մինչեւ Միջերկրական ծովը եւ Եգիպտոսի սահմանները՝ Մարաստանէն մինչեւ Կիլիկիա ու Կապադովկիա: Այդպիսի լայնատարած պետութիւն կառավարելու եւ պաշտպանելու համար պէտք ունեցաւ հսկայական ռազմական ուժի, որուն զինումն ու պահպանումը Տիգրան Բ-էն պահանջեց վիթխարի նիւթական միջոցներ ու մարդուժ:
Կայսրութեան նւաճումին անկասկած օգնեց այդ ժամանակաշրջանին Հայաստանի բնակչութեան աճն ու տնտեսութեան զարգացումը: Բայց մեր երկրի ասիական հզօր պետութեան՝ կայսրութեան վերածւելու յաղթարշաւին մէջ վճռորոշ դեր ունեցաւ Տիգրան Բ-ի քաղաքական եւ ռազմական մեծ տաղանդը, մանաւանդ որ ան օժտւած էր նաեւ կայսրութիւն մը ղեկավարելու պետական գործիչի կազմակերպչական եւ վարչական ընդգծելի ընդունակութիւններով՝ միաժամանակ խորապէս տիրապետելով ժամանակի ռազմական արւեստին:
Տիգրան Բ-ի ստեղծած կայսրութիւնը խայտաբղէտ խառնուրդ մըն էր տարբեր ցեղերու, լեզուներու եւ մշակոյթներու՝ հասարակական ու ընկերա-տնտեսական տարաբնոյթ կացութաձեւերով: Նման կայսրութիւն մը հակակշռելու համար, Տիգրան Բ ստիպւեցաւ յենիլ օտարազգի զօրքերու հաւաքագրումին վրայ. պարթեւներէն կամ հռոմէացիներէն դժգոհ կամ անոնց տիրապետութեան դէմ ըմբոստացած տարրերէն հայոց արքան կազմալրեց ու հզօրացուց իր բանակը, բայց շուտով անդրադարձաւ, թէ գոյատեւելու համար պէտք ունէր միասնական, համախմբւած, միաձոյլ, կայուն եւ ամուր պետութեան: Այդ հաշւարկով ալ, Տիգրան Բ վճռականօրէն ձեռնամուխ եղաւ իր բանակի վերակազմութեան՝ զայն օժտելով նոր զէնքերով, լայնօրէն գործադրելով հելլենական քաղաքներու եւ անոնց պաշտպանութեան համար մեծ նշանակութիւն ունեցող բերդաքաղաքներ կառուցելու եղանակը:
Այդպիսի քաղաք էր Տիգրանակերտը (ժամանակակից Ֆարկինը), որ կը գտնւէր «արքայական ճանապարհի» վրայ եւ կը դիւրացնէր Միջագետքի, Արեւելքի եւ Արեւմուտքի երկիրներուն միջեւ կապը: Տիգրան Բ իր մայրաքաղաքը կառուցեց ռազմավարական մեծ նշանակութիւն ունեցող երեք կարեւոր ճանապարհներու հանգոյցին վրայ.
Ա) Տիգրանակերտ-Պարսկաստան «արքայական ճանապարհ»:
Բ) Տիգրանակերտ-Արտաշատ:
Գ) Տիգրանակերտ-Արածանիի հովիտ:

Յատկապէս այս վերջինը ունեցաւ ռազմագիտական բացառիկ նշանակութիւն:
Տիգրանակերտը կառուցւած էր բարձր դիրքի վրայ: Երեք կողմէ՝ հիւսիս-արեւելքէն, հիւսիսէն եւ հիւսիս-արեւմուտքէն Տիգրանակերտը պաշտպանւած էր բնականօրէն, ժամանակակից Իլիջայի լեռներով, իսկ հարաւէն՝ խոր կիրճը եւ Նիկեփորիոն գետափի անմատչելի, բարձր եւ ուղղաձիգ ժայռերը ստեղծած էին շրջապատող տարածքին վրայ իշխելու բնական առաւելութիւն:
Քաղաքը շրջապատւած էր 20 մետր բարձրութիւն ունեցող պարիսպներով, որոնց լայնքը այնքան մեծ է եղած, որ հոն տեղաւորւած են պահեստանոցներն ու ախոռները եւ ծառայած են իբրեւ աշտարակներու կայազօրի տեղաշարժի ուղի: Քաղաքի կենտրոնը կառուցւած էր բերդը՝ իր բարձր աշտարակներով ու հրապարակներով: Տիգրանակերտը ունեցած է զէնքեր արտադրելու բազմաթիւ արհեստանոցներ, որոնց շնորհիւ զօրքերը սպառազինւած են լաւորակ եւ բաւականաչափ նոր զէնքերով: Այդ բոլորը նպաստած են Տիգրանակերտի բերդի անառիկութեան: Այդ պատճառով ալ, երբ հռոմէական զօրքի հրամանատար Լուկուլլոս զօրավարը պաշարեց Տիգրանակերտի միջնաբերդը, պէտք ունեցաւ ամբողջ վեց ամիս, որպէսզի կարենայ իր յաջորդական գրոհները ի վերջոյ յաղթանակով աւարտել...
Հայ-Հռոմէական պատերազմին տուն տւող պատճառը արեւմտեան Փոքր Ասիան իր տիրապետութեան տակ առնելու Տիգրան Բ-ի աշխարհակալական նկրտումներն էին: Պոնտոսի վրայ հռոմէական տիրապետութիւնը տապալելու եւ իր ռազմաքաղաքական դաշնակից ու խնամի Միհրդատ Զ Եւպատորին գահակալութիւնը վերականգնելու նպատակով՝ Տիգրան Բ Մեծը ն.ք. 70 թւականին կը նախապատրաստւէր երկու ուղղութեամբ մտնել Փոքր Ասիոյ հռոմէական մարզը եւ վճռական ճակատամարտ մղել Եփեսոսի մօտ: Սակայն, կանխելով Տիգրան Բ Մեծի յարձակումը, ն.ք. 69-ի գարնան հռոմէական 40 հազարնոց բանակը՝ Լուկուլլոսի հրամանատարութեամբ, Կապադովկիայի վրայով ներխուժեց Հայաստան:
Տիգրան Բ իր մայրաքաղաքէն հեռու կը գտնւէր ու զբաղած էր Կիլիկիոյ եւ Սուրիոյ տարածքին նոր արշաւանքներով, երբ 69 թւականի գարնան հռոմէական բանակները՝ Լուկուլլոսի հրամանատարութեամբ, անցնելով սահմանային Եփրատ գետը, ներխուժեցին Հայաստան: Այդպէս սկսաւ Հայ-Հռոմէական պատերազմը, որ ընթացաւ երկու փուլով՝ 69-67 եւ 66 թւականին:
Լուկուլլոս զօրավար մշակած էր կայծակնային գրոհներու պատերազմական ծրագիր, որուն հիմնական սկզբունքներն էին հակառակորդը անակնկալի բերելն ու շեշտակի հարւած հասցնելը: Սակայն այդ ծրագիրը միայն մասամբ իրագործւեցաւ:
Հռոմէական բանակի Հայաստան ներխուժումը ն.ք. 69 թւականին իրօք անսպասելի էր: Առանց դժւարութեան՝ Լուկուլլոս գրաւեց Ծոփքը եւ սրընթաց շարժեցաւ դէպի Աղձնիք՝ գրաւելու համար Տիգրանակերտը: Բայց ռազմավարական այս ծրագիրը հիմնւած էր սխալ հաշւարկի վրայ, որովհետեւ թերագնահատած էր հայկական բանակի հնարաւորութիւնները, իսկ հռոմէականին կարողականութիւնը չափազանց գերագնահատած էր: Հետեւաբար, Տիգրանակերտը անակնկալ գրոհով գրաւելու ծրագիրը ձախողեցաւ: Տիգրանակերտի կայազօրը, հայ տաղանդաւոր զօրավար Մանկայոսի (Մանուկ) հրամանատարութեամբ, քաղաքը պաշտպանեց մեծ հմտութեամբ: Գրոհի ձախողումէն ետք Լուկուլլոս ստիպւեցաւ պաշարման վիճակի տակ պահել Տիգրանակերտը: Անցան ամիսներ, իսկ Տիգրանակերտը շարունակեց հերոսաբար դիմադրել:
Հռոմէական բանակի Հայաստան ներխուժման լուրը Տիգրան Բ ստացաւ Պաղեստին գտնւած ժամանակ, ուր կենտրոնացած էին հայկական բանակի գլխաւոր հարւածային ուժերը: Տիգրան իր թագաւորական գունդով արագօրէն վերադարձաւ Հայաստան, իսկ բանակի հիմնական ուժերը՝ Բագարատ զօրավարի հրամանատարութեամբ, հետեւեցան հայոց արքային: Մինչեւ Հայաստան հասնիլը, Տիգրան Բ Լուկուլլոսի դէմ ուղարկեց Մեհրուժան զօրավարի փոքրաթիւ, սակայն մարտունակ զօրաջոկատը: Վերջինս հռոմէացիներու գերակշիռ ուժերուն հետ ընդհարման ժամանակ պարտւեցաւ, իսկ Մեհրուժան զոհւեցաւ:
Սեպտեմբերի կէսերուն Տիգրանի գլխաւորած հայկական բանակը մօտեցաւ պաշարւած Տիգրանակերտին: Մայրաքաղաքին մէջ կը գտնւէին նաեւ Տիգրանի ընտանիքը եւ արքունի գանձարանը: Հայկական զօրամաս մը յանկարծակի ու խիզախ գրոհով մուտք գործեց քաղաք եւ հոնկէ դուրս հանեց արքայից արքայի ընտանիքն ու գանձերուն մեծ մասը: Այս յաջողութիւնը, անշո՛ւշտ, բարձրացուց պաշարւած բնակչութեան հոգեկան կորովը եւ ինքնավստահութիւն ու հաւատք ներշնչեց յաղթանակի նկատմամբ: Իրարու ետեւէ հասան հայկական բանակի նորանոր զօրամասեր: Ըստ Ապիանոսի, Տիգրան Բ-ին ռազմաջոկատներ էին տրամադրած նաեւ կայսրութեան ենթակայ երկիրները՝ Ատրպատականը (Մարաստանը), Աղւանքը, Վիրքը, Կորդուքը, Ադիաբենէն եւ անգամ Պարսից ծոցի արաբները: Հայկական բանակին թիւը, նոյն պատմիչին վկայութեամբ, 300 հազար զինւոր էր: Ժամանակակից պատմաբաններու կարծիքով՝ այս թւաքանակը իրականութեան չէր կրնար համապատասխանել: Հայոց բանակին առաւելագոյն թիւը, այլ պատմիչներու տւեալներով, 80 հազարէն 100 հազարի կը հասնի:
Հոկտեմբերի 5-էն 6 լուսցող գիշերը, հայկական զօրքի տեղաբաշխման մէջ Տիգրան Բ-ի զօրավարներուն թոյլ տւած կարեւոր անտեսումներէն օգտւելով, Լուկուլլոս իր բանակը դիրքաւորեց Բաթման գետի աջ ափին, ուր գետը կը միանայ Ֆարկինի հետ: Լուկուլլոս մանրազնին հետախուզած էր Տիգրան Բ-ի զօրքերուն մարտական կարգերուն դասաւորումը եւ պարզած էր, որ Տիգրան Բ-ի զօրքերուն անմիջապէս ետեւը գտնւող բլուրը գրաււած չէ հայկական բանակին կողմէ. ուստի՝ ինք գրաւեց այդ կարեւոր դիրքը, որպէսզի գետն անցնելու հարկադրանքին մատնէ հայկական զօրքերը եւ ճեղքէ անոնց միացեալ գրոհը: Դասաւորելով հռոմէական հեծելազօրի մարտական կարգերը Բաթման-Սու գետի աջ ափին, Լուկուլլոս իր հեծելազօրին հրահանգեց թշնամին նեղել ճակատի կողմէն, հայերը քաշել դէպի իրեն եւ կամաւոր կերպով յետ նահանջել, որպէսզի հետապնդողներուն շարքերը քայքայւին: Իսկ ինքը՝ հետեւազօրի հետ միասին՝ անցնելով հայերու թիկունքը, գաղտնաբար զարտուղի ճանապարհներով բարձրացաւ բլուրը:
Հետեւաբար, երբ հոկտեմբերի 6-ի վաղ առաւօտեան Տիգրան Բ տւաւ գրոհի հրահանգը, Լուկուլլոսի բանակը հիանալի օգտագործեց հայկական հրամանատարութեան ռազմավարական սխալներն ու տեղանքի առանձնայատկութիւնները: Շրջանցելով Տիգրան Բ-ի բանակը՝ Լուկուլլոս հայոց զօրքի թիկունքին կենտրոնացուց նշանակալից ուժեր, որոնք եւ վճռեցին ճակատամարտին ելքը: Ենթարկւելով երկկողմանի յարձակման եւ տալով զգալի կորուստներ, հայկական բանակը ստիպւեցաւ նահանջել դէպի երկրի խորերը:
Հռոմէացիներու յաղթանակը որոշեց նաեւ Տիգրանակերտի ճակատագիրը: Կայազօրի օտարազգի, յատկապէս յոյն վարձկանները՝ կաշառւելով Լուկուլլոսի կողմէ, հոկտեմբերի վերջերուն ապստամբեցան հայկական զօրքին դէմ եւ քաղաքին դարպասները բացին թշնամիին առջեւ: Նորակառոյց ու հարուստ քաղաքը քարուքանդ եղաւ ու թալանւեցաւ: Միայն Լուկուլլոս ինք, անձամբ, ձեռք անցուց ութ հազար տաղանդ արժողութեամբ գանձեր:
Տիգրանակերտի ճակատամարտին հետեւանքով՝ Տիգրան Բ Մեծի Միջերկրածովեան տիրութիւնը՝ Ասորիք, Փիւնիկիա, Կիլիկիա եւ այլք անցան Հռոմին:
Հակառակ այդ բոլորին, Լուկուլլոս չկրցաւ յաղթանակով պսակել իրեն վստահւած յարձակումը Հայաստանի վրայ: Ընդհակառակն՝ տարի մը ետք տեղի ունեցած Արածանիի ճակատամարտին, ն.ք. 68 թւականին, Լուկուլլոսի բանակը պարտութիւն կրեց Տիգրան Բ-ի զօրքերէն եւ ստիպւեցաւ նահանջել Հայաստանէն:
Ինչպէս որ պատմիչները կը վկայեն՝ հայկական հեծելազօրը, Տիգրան Բ Մեծի առաջնորդութեամբ, արագ երթով Արածանիի գետանցին մօտ կանխեց հռոմէացիներու յառաջխաղացքը: Կողմերը անյապաղ մարտի բռնւեցան: Հայկական հեծելազօրը նախ դիմեց խաբուսիկ փախուստի, կոտրելով թշնամիին մարտակարգը, ապա սկսաւ հակագրոհը: Հայ թեթեւազէն հեծեալները, թունաւոր ու ճանկաւոր նետասլաքներով, ծանր կորուստներ պատճառեցին հռոմէացիներուն:
Արածանիի ճակատամարտէն ետք Լուկուլլոսի բանակին մնացորդները նահանջեցին հարաւ եւ ապաստանեցան Մծբին քաղաքի պարիսպներուն: Հռոմէական նւաճողներէն ազատագրւեցան ինչպէս ամբողջ Հայաստանը, այնպէս եւ Պոնտոսի թագաւորութեան զգալի մասը: Հռոմէացի նշանաւոր զօրավար Լուկուլլոս հեղինակազրկւեցաւ՝ Արեւելքի գործերը զիջելով Կնէոս Պոմպէոսին:
Աղբյուր «ԱԼԻՔ» Օրաթերթ։

Комментарии
Отправить комментарий